Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ոչ ոք հրաւիրած է Տիմանի մէջ հանդիպումի մը կամ ժողովի մը` աւելցնելով, որ ինք բարձր կը գնահատէ մարոնի պատրիարքութեան ազգային դերակատարութիւնը: Ֆայեատ հարց տուաւ այս փուլին կատարուած հանդիպումներու նպատակին մասին` շեշտելով, որ իրենք նախապէս ճշդած են եւ ընդգծած, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան պարագային կառավարութիւնը կը դառնայ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն եւ կը բաւարարուի իր սահմանափակ աշխատանքներով:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրագործական մարզը մամուլին եւ տարբեր լրատուամիջոցներուն լուսարձակներուն տակ պահելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով այդ մարզին դերակատարութիւնը երկրին սննդագիտական ապահովութեան երաշխաւորման մէջ:

ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ իրենք միշտ զօրակցած են ազգային երկխօսութեան, պայմանով որ անիկա նկատի առնուի սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ եւ ոչ թէ սահմանադրութեան խախտում կամ շրջանցում նկատուի: Քարամէ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն որեւէ օրէնք, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներու գումարներուն իւրացումը կ՛օրինականացնէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ սեպտեմբեր ամիսը վճռորոշ պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով: Ան նկատել տուաւ, որ Սէուտական Արաբիա իրաւունք ունի կատարելու այն, ինչ որ յարմար կը գտնէ իր քաղաքացիներուն համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է վերատիրանալ իրենց հողերուն` օգտագործելով առկայ բոլոր միջոցները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւնը դրական կերպով կ՛ընթանայ:

Ան աւելցուց, որ այդ երկխօսութեան առանցքը կը կազմէ նախագահական ընտրութիւնը` նշելով, որ այդ երկխօսութիւնը կը շարունակուի եւ արտաքին ոչ մէկ շարժումի կը սպասէ:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսան Աջակցութիւն Յայտնած Է ԷՔՕՈՒԱՍ-ի Նիկերի Մէջ Յեղաշրջման Տապալման Համար Միջամտութեան

Յաջորդը

Պշարրէի Մէջ. «Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը Յիշենք, Որպէսզի Դժուարութիւններուն Դիմաց Չընկրկինք» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.