Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ծայր առած զինեալ բախումներուն պատճառով ցարդ արձանագրուած են 13 զոհեր եւ վիրաւորուած 60 ուրիշներ:
Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զինեալ բախումները սաստկացան եւ իրենց գագաթնակէտին հասան չորեքշաբթի, 2 օգոստոս 2023-ի կէս գիշերին, երբ Ժունտ Շամի եւ Օսպաթ Անսարի զինեալներ փորձեցին Ֆաթհի կեդրոններուն վրայ յարձակումներ գործել եւ գրաւել զանոնք:
Ուշ գիշերին հնչեցին կոչեր` Այն Հելուէի կից գտնուող Մուսալլի մզկիթը պարպելու հոն ապաստան գտած տեղահանուածներէն, որոնք կրնային թիրախ դառնալ փամփուշտներուն եւ ռումբերուն:
Երէկ կէսօրին յայտարարուեցաւ, որ պաղեստինեան ուժերուն եւ իսլամական շարժումներուն կողմէ կազմուած է հետաքննութեան յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Ֆաթհ շարժումի դերգնդապետ, Ազգային անվտանգութեան պատասխանատու Ապու Աշրաֆ Արմուշիի եւ Ապտել Ռահման Ֆարհուտի սպանութեան շուրջ հետաքննութիւնը ստանձնել:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ նաեւ, որ յանձնախումբը գումարած է իր առաջին նիստը եւ սկսած աշխատանքի:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէէն:
Հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Այն Հելուէի մէջ տիրող ահաւոր իրավիճակին:
Հանիէ Միքաթիէն խնդրեց, որ կառավարութիւնը միջամտէ` Այն Հելուէի մէջ զինադուլը հաստատելու նպատակով:
Իր կարգին, Միքաթի հեռաձայնային այլ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ հաստատեց, որ խիստ մերժելի է պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն կողմէ այն համոզումը, որ Լիբանան լքուած երկիր է, հետեւաբար կարելի է նման արիւնալի բախումներու ձեռնարկել:
Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովական բոլոր ուժերը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ապահովութիւն հաստատելու եւ զինեալ բախումները կասեցնելու իմաստով:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն հաստատեց, որ բանակը իր դերակատարութիւնը պիտի կատարէ եւ պիտի արգիլէ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը խախտելու փորձերը, ինչ ալ ըլլան զոհողութիւնները:
«Մենք մեր ժողովուրդին ապահովութիւն պիտի շնորհենք», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քանաանի կոչ ուղղեց կասեցնելու Այն Հելուէի զինեալ բախումները եւ յանձնառու մնալու զինադուլին ու գաղթակայանին մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումին:


