Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիմանի Մէջ. Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Մտահոգութիւն Յայտնեց Այն Հելուէի Զինեալ Բախումներուն Մասին

August 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը Տիմանի մէջ գումարեց իր ամսական ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ խորհուրդը պահանջած է 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութիւնները զերծ կացուցել քաղաքական միջամտութիւններէն:

Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ իրենք կը զօրակցին նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքներու պահանջին, որն է հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբի մը կազմութիւնը եւ նահատակներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն ու քանդուած տուներուն հատուցումները կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի եւ Լիբանանի տագնապին լուծման համար գործող հնգակողմանի յանձնախումբին, որոնք կը ջանան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծում մը գտնել, ինչպէս նաեւ պէտք եղած բարեկարգումները կատարելուն նպաստել` պետութեան վերակառուցման նպատակով:

Խորհուրդը պնդելով պահանջեց երեսփոխաններէն կատարել իրենց ազգային եւ սահմանադրական պարտականութիւնը` վերջ տալով հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը գերեվարուած պահելու իրենց ընթացքին:

Մարոնի եպիսկոպոսները ողջունեցին Լիբանանի վկայած զբօսաշրջական շարժումը:

Միաժամանակ անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ծաւալած զինեալ բախումներուն համար եւ կոչ ուղղեցին կառավարութեան ու զինուորական հաստատութեան համապատասխան արագ եւ վճռական միջոցառումներուն դիմելու` վերջ տալու համար երկրին մէջ ապօրինի զէնքի գոյութեան:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Շրջանին Հիմնական Հարցը Ամերիկեան Բացայայտ Միջամտութիւնն Է»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը 17 Օգոստոսին Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Քննարկելու Համար Կրթական Տարեշրջանի Մարտահրաւէրները

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.