Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շէյխ Աֆիֆ Նապուլսիի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին հաստատեց, որ 1982-էն ի վեր շէյխ Նապուլսի ներկայ գտնուած է Դիմադրութեան կողքին` դէմ դնելու համար ամերիկեան եւ իսրայէլեան դաւադրական ծրագիրներուն ու ներխուժումներուն:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ շրջանին հիմնական հարցը ամերիկեան բացայայտ միջամտութիւնն է, որ հետեւանքն է անոր հանդէպ ցուցաբերուած ենթակայ ըլլալու քաղաքականութեան:
Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ լիբանանցիները իրենց ամբողջ զայրոյթը պէտք է տեղացնեն Միացեալ Նահանգներու վրայ, որ բռնակալի իր դերակատարութիւնը կը կատարէ եւ կ՛արգիլէ լիբանանցիներուն ելեկտրականութիւն ունենալու տարրական իրաւունքը:
Ան հաստատեց, որ Ուաշինկթընն է, որ կ՛արգիլէ Սուրիոյ վրայով եգիպտական կազին եւ յորդանանեան ելեկտրականութեան Լիբանան փոխանցումը` «Սիզըր» պատժամիջոցներու գործադրութեան ծիրին մէջ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանը կ՛առաջնորդեն դէպի մեծագոյն աղէտ` աւելցնելով, որ եթէ լիբանանցիները կը փափաքին այս հարցին լուծում գտնել, ապա պէտք է դուրս գան ամերիկեան բռնատիրութենէն, իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է Լիբանանի շահերուն մասին մտածէ` հեռու մնալով ամերիկեան դեսպանատան ենթակայ դառնալու եւ անոր քծնելու իր քաղաքականութենէն:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առիթով սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ անիկա տխուր ու ցաւոտ յիշատակ մըն է` դարձեալ ցաւակցելով զոհերու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց, որ իրենք տակաւին կը սպասեն ճշմարտութեան բացայայտումին:
«Սակայն ո՛վ որ այս դէպքին ճշմարտութիւնը թաղեց, նոյն կողմն է, որ այս թղթածրարը քաղաքականացուց», յայտնեց ան:
Այն Հելուէի գաղթակայանին մէջ զինեալ բախումներուն մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք պատասխանատու չեն այդ բախումներուն` աւելցնելով, որ իրենք կ՛աշխատին բոլոր կողմերուն հետ կասեցնելու համար այդ բախումները, որոնք վնաս կը հասցնեն Լիբանանին, Դիմադրութեան եւ շրջանին:


