Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանութիւն տուած է ի պատասխան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան` Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ հաւանական հանդիպումի մասին հարցումին:
«Արմէնփրես».- Հայկական տեղեկատուական դաշտին մէջ լուրեր կը տարածուին Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ հաւանական հանդիպումի մասին: Ատիկա ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:
– Ընդունելով Ստեփանակերտ-Պաքու հաւանական երկխօսութեան մեկնարկի շուրջ` թէ՛ Արցախի, թէ՛ ալ Հայաստանի մէջ, հանրային հետաքրքրութեան կարեւորութիւնը` միեւնոյն ժամանակ նպատակայարմար չենք նկատեր մեկնաբանութիւններ կատարել ոչ մեր պատճառով չկայացած առանձին հանդիպումներու վերաբերեալ:
Կ՛ուզենք յատուկ ընդգծել, որ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները միշտ պատրաստ են քննարկելու Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումներու կազմակերպման վերաբերեալ ողջամիտ առաջարկներ: Աւելի՛ն, արցախեան կողմը, իր կարգին, պարբերաբար հանդէս կու գայ միջնորդներու մասնակցութեամբ Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումներու կազմակերպման նախաձեռնութիւններով եւ առաջարկներով:
Միեւնոյն ժամանակ, համոզուած ենք, որ երկխօսութեան յաջողութիւնը կախեալ է իրենց տարակարծութիւնները կարգաւորելու հարցին մէջ երկու կողմերու իրական շահագրգռուածութենէն եւ բարեխիղճ մօտեցումէն: Մեր կողմէ նման շահագրգռուածութիւն գոյութիւն ունի: Եթէ ազրպէյճանական կողմը եւս այդպիսի պատրաստակամութիւն դրսեւորէ, ատիկա պիտի արտօնէ ուղի հարթել երկխօսութեան մեկնարկի համար:
Այս ծիրին մէջ կրկին կ՛ընդգծենք, որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է տեղի ունենայ համապատասխան լիազօրութիւնով օժտուած միջազգային համաձայնեցուած ձեւաչափով: Նման մօտեցումը պիտի արտօնէ միջազգային ընտանիքը առաւել գործօն կերպով ներգրաւել բանակցային հոլովոյթին մէջ, ամրապնդել անոր օրինականութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովել կողմերուն միջեւ հաւանական համաձայնութիւններու իրականացման յուսալի երաշխիքներ:


