Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթուան Գազեզեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

March 24, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Հայ կաթողիկէ բարեսիրականի փոխատենապետ ՀԿՄ-ական, ՀՄԸՄ-ական, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ երգչախումբի բազում տարիներու անդամ եւ Մարաշի հայրենակցական միութեան ընկերային յանձնախումբի բազմավաստակ ատենապետ Անթուան Գազեզեան, որ 1968-էն ի վեր ստանձնած է վարչական պատասխանատուութիւն եւ բարձր պահած է բոլոր միութիւններուն վարկը:

Հանգուցեալ եղբ. Անթուան ծնած է Պէյրութ` 1943-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ, ուսումը շարունակած է Վենետիկի Ս. Ղազար վանքին մէջ, ապա հետեւած է դասընթացքներու եւ վկայուած իբրեւ մասնագէտ «տելեկէ մետիքալ»:

Պատանի Անթուան կանուխ տարիքին անդամակցելով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ցուցաբերած է նուիրումի օրինակելի ոգի մը` նախ յանձնախմբային աշխատանքի ծիրին մէջ, ապա իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելով վարչական կազմին, ինչպէս նաեւ նուիրումի այս ոգին ցուցաբերած է իր անդամակցած բոլոր միութիւններուն մէջ:

Լիբանանահայ ազգային կեանքին մէջ եղբ. Անթուանի ծառայութիւնը կ՛ըլլայ արդիւնաւէտ բոլոր միութիւններուն մէջ. մասնաւորաբար Հայ կաթողիկէ բարեսիրականի ու հայրենակցական միութեան համակարգին մէջ իր ջանասիրութեամբ եւ հայրենակցական շրջագիծէն դէպի ազգային կեանք օգնութեան փութալու մղումը ակներեւ է:

Չենք կրնար աննկատ անցնիլ բոլոր միութիւններուն մէջ եղբ. Անթուանի վաստակէն. իր պերճախօսութեամբ եւ կատարեալ ժողովականի հանգամանքով, ան մեծ ատակութեամբ վարած է միութեան գործերը` իբրեւ խոհուն վարչական:

Իր ազգային ծառայութիւնն ու նուիրումը կ՛արժանանան իր մեծաւորներուն եւ բոլոր վարչականներուն գնահատանքի:

Եղբ. Անթուան կազմած էր ընտանիք եւ հայր էր երեք զաւակներու, ինչպէս նաեւ թոռներու:

Այսօր թէեւ կը սգանք անոր անակնկալ կորուստը, սակայն հպարտութեամբ կը խոնարհինք անոր խնկելի յիշատակին առջեւ եւ բարձր կը գնահատենք անոր բազում ծառայութիւնները, զորս ան մատուցեց անշահախնդրօրէն, յաճախ մոռցաւ իր հանգիստը, եւ լծուեցաւ յոգնատանջ աշխատանքի, որովհետեւ կենսական հարց մը կը սպասէր իր լուծման:

Այսօր քիչ մը ամէն տեղ մեր նայուածքները կը դարձնենք մեր շուրջ` փնտռելու եւ գտնելու համար անձնդիր եւ նուիրեալ հայորդիներ, որպէսզի պատասխանատուութիւն ստանձնեն մեր ազգային եւ եկեղեցական մարմիններուն մէջ` յանուն հայապահպանման եւ հայուն գոյատեւման:

Հանգուցեալին գլխաւոր բաղձանքը եւ տեսլականն էր հայկական միասնական դիմագիծի պահպանումը:

Ահա թէ ինչու այսօր կ՛ափսոսանք մեզմէ յաւէտ բաժանումը նման տիպար միութենականի մը, անխոնջ վարչականի մը եւ համակ նուիրում դարձած ընկերային յանձնախումբի ատենապետի մը:

Թող ամենաբարին Աստուած հատուցէ զինք, արժանացնէ իր արքայութեան, ինչպէս նաեւ մխիթարէ իր հարազատները:

Վարձքդ կատար սիրելի եղբ. Անթուան,

Յիշատակդ վառ մնայ յաւէտ:

ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ

Նախորդը

Մօրս Յիշատակին` Սիւզան Պզտիկեանին. Դեղին Ծաղիկը

Յաջորդը

Յարութիւն Քեպապճեանի` Ընկեր Կայծակի Պայծառ Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։