«Ազդակ»-ի 60-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 յուլիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան 6:00-ին: Դասախօսն էր արուեստաբան, «Ազդակ»-ի մշակութային բաժնի աշխատակից դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Նիւթ` «Այվասովսքին եւ թրքական չարաշահումները»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դոկտ. Հերկելեան արժեւորումը կատարեց Այվազովսքիի արուեստին, ապա խօսեցաւ անոր ազգային պատկանելիութեան վերաբերող որդեգրումի փորձերուն մասին: Յատուկ կերպով կեդրոնացաւ ծովանկարիչին լոյսին տուած կարեւորութեան, որ ըստ էութեան, ներշնչուած է հայոց պատմական փիլիսոփայութենէն եւ կ՛երկարի մինչեւ պաշտամունքային ակունքներ:
Այվասովսքիի հանճարեղ արուեստին մասին հետաքրքրական նորութիւններ եւ տեղեկութիւններ տալէ ետք դոկտ. Հերկելեան որոշ դասակարգումներով ցուցադրեց Այվազովսքիի գործերը` իւրաքանչիւրին մասին տալով արուեստագիտական ծանօթութիւններ:
Այվազովսքիի ստեղծագործութիւնները ներկայանցող այս դասախօսութեան առնչուած էր նաեւ քաղաքական բաժին մը, ուր մանրամասն տուեալներու հիման վրայ դասախօսը ներկայացուց թրքական չարաշահումները, յատկապէս` Այվազովսքիի արուեստի հայկական պատկանելիութիւնը շեղելու առումով:
Մասնագիտական դասախօսութեան հետեւեցաւ լսարանին մասնակիցներու կողմէ արժեւորումի առումով տեսակէտներու փոխանցում եւ այդ ճամբով հետաքրքրական քննարկում:
Դասախօսութեան տեսագրութիւը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի առցանց լսարանի եութուպեան ալիքին վրայ: Յղումը` https://www.youtube.com/watch?v=XEddB7nDIk8&t=5516


