Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիան Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Երկօրեայ Այցելութիւնը

July 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ աւարտեց Պէյրութ կատարած իր երկօրեայ հանդիպումները` 48 ժամուան ընթացքին Այն Թինէ կատարած երկրորդ այցելութենէն ետք:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:

Լը Տըրիան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու, իսկ Պըրրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մէջ յոյսի նշոյլ մը յառաջացած է:

«Հաւատացէ՛ք, որ Լը Տըրիան դրական տուեալներ փոխանցած է երկխօսութեան կարելիութեան մասին: Ի վերջոյ երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ երկխօսութիւն պիտի կատարուի` ընտրելու համար հանրապետութեան յաջորդ նախագահը», շեշտեց Պըրրի:

Նշենք, որ Լը Տըրիան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ շարք մը այլ երեսփոխաններու հետ, որոնց ներկայացուց հնգակողմանի հանդիպումէն բխած նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները:

Լը Տըրիան հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Մուսաուիի եւ Իմատ Հութի հետ:

Կառավարութեան Նիստը Ջնջուեցաւ`
Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ չկրցաւ իր նիստը գումարել` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Ժողովը փոխարինուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ խորհրդակցական հանդիպումով մը:

Աւելի ուշ, Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կառավարութիւնը ունէր առիթ մը` ելեւմտական թղթածրարին համար ժամանակաւոր լուծում գտնելու, սակայն այդ առիթը յօդս ցնդեցաւ, հետեւաբար իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պէտք է ստանձնէ իր որոշումին պատասխանատուութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ կառավարութիւնը պատասխանատու չէ նախագահական թափուր դրութեան եւ ո՛չ ալ անոր հետեւանքներուն, այլ ճիգ չի խնայեր ընթացիկ հարցերու իր իրաւասութիւններուն շրջագիծին մէջ լուծել հանրային հարցերը եւ պաշտպանել պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը:

Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ տիրող կացութիւնը ընդունելի է, սակայն կեանքին մէջ ամէն բան յարաբերական է:

Ան նկատել տուաւ, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի խօսքերը իրապաշտ էին, եւ ան ինքզինք պաշտպանելու իրաւունք ունէր:

Միքաթի կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն չհրաժարելու իրենց պաշտօններէն` աւելցնելով, որ ինք մտահոգ չէ եւ հաւանական չի նկատեր, որ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը կրնայ ոստումներ արձանագրել:

Նշենք, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երկուշաբթի, 31 յուլիս 2023-ին, քննարկելու համար 2023-ի պետական ամավարկը:

 

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ. «31 Յուլիսին Կ՛աւարտի Կեդրոնական Դրամատան Կառավարման Նստաշրջանս»

Յաջորդը

Ֆրանսական Դեսպանատան Մէջ Հանդիպում. Յ. Բագրատունի. «Երկխօսութիւն Չկատարելու Պարագային Երկիրը Պիտի Առաջնորդուի Դէպի Բախում Եւ Քայքայում»

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.