Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Խենթերն Են Գտնում Հնար»…

July 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Հայ ըլլալ` կը նշանակէ դառնալ հայրենիքին ու հայութեան բարօրութեան եւ ազատութեան ռահվիրան, իսկ յանձնառու հայ ըլլալ` կը նշանակէ գործել սուրբ գաղափարի համար, եթէ պէտք ըլլայ, հասնելու համար մինչեւ կամաւոր նահատակութիւն:

Քանի մը օր առաջ, երբ կ՛ընթերցէի Արցախի լուրերը, չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, անմիջապէս  Լիզպոնի «ԽԵՆԹԵՐԸ» եկան միտքս, եւ ես ինծի ըսի. «Ո՞ւր էք, հայրենի Արցախը պէտք ունի ձեր նմաններուն, որովհետեւ ձեզի համար Արցախի ազատութիւնը ուրիշ նշանակութիւն չունի, եթէ ոչ` «Ազատութիւն կամ մահ»:

Ես այսօր պիտի չխօսիմ Լիզպոնի 5-ին մասին, այլ պիտի խօսիմ անոնց հետ:

Դո՛ւք, տղա՛ք, ընկերնե՛ր, դո՛ւք մաս կազմեցիք հերոսներու փաղանգին եւ անմահացաք:

Դո՛ւք ձեր գարուն կեանքերը զոհեցիք կառչելու համար մեր սրբազան հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողին, բայց ուրիշներ այդ հողերը ծախեցին թշնամիին… Ափսո՜ս:

Տղա՛ք, ձեր գաղափարը հիմնուած էր «յարատեւ կռիւ եւ յարատեւ պայքար»  համոզումին վրայ, սակայն այսօր կռիւ եւ պայքար մոռցած են կարծես:

Մենք կը հաւատանք, որ ձեր նահատակութեամբ դուք  սնուցանեցիք այլ հերոսներ, որոնք  պայքարեցան եւ նահատակուեցան Արցախի ազատութեան յաղթանակի համար:

Դո՛ւք ընտրեցիք ձեր ճամբան` քաջ գիտնալով, որ այդ ճամբան անվերադարձ է:

Դո՛ւք լաւ գիտէիք, որ առանց հայրենիքի` չկայ ապագայ եւ ընտանիք:

Հինգ հերոսներ, դո՛ւք հայրենասէր, խիզախ հայեր էիք, որ ձեր որոշումով ցնցեցիք թշնամին եւ համայն աշխարհը: Անոնք լաւ իմացան, թէ հայ զինուորը կամ երիտասարդը մահէն չի վախնար:

Դո՛ւք այնպիսի անձնազոհներ էիք, որ հայրենիքի ազատութիւնը ձեզի համար գերագոյն նպատակ էր, իսկ դաւաճանի մը համար գերագոյն նպատակը այն է, որ  ձեր եւ ձեր ընկերներուն թափած արեան փոխարէն` հողերը յանձնէ թշնամիին… Հոս` նորէն ափսո՜ս:

Լիզպոն 5  կը նշանակէ խոնարհիլ 5 սուրբերու յիշատակին առջեւ:

Լիզպոն 5` այսինքն նորանոր գարուններու ծնունդ տալ:

Լիզպոն 5` ազգի արժանի զաւակներ, հերոսներ դառնալ:

Լիզպոնի տղա՛ք,  ձեր օրինակով քալեցին շատ մը երիտասարդներ` Արցախի սրբազան հողին վրայ, որոնք փորձեցին ազատագրել Արցախ հայրենիքը` չխնայելով իրենց գարուն կեանքերը:

Սարգիս, ընկեր, դո՛ւն չմեկնած` արդէն անուանեցիր քեզ եւ քու ընկերներդ ԽԵՆԹԵՐ, ըսիր` «Խենթերն են գտնում հնար»…

Սիրելի՛ Լիզպոնի 5 ԽԵՆԹԵՐ, հայրենիքը միշտ պէտք ունի ձեզի նման ԽԵՆԹԵՐՈՒ, եթէ հիմա ըլլայիք, անողնայար խրտուիլակ մը չէր ըլլար հայրենիքի մէջ…

Սիրելի՛ 5 ԽԵՆԹԵՐ, թէեւ  40 տարի անցաւ, սակայն  տակաւին համայն հայութիւնը մոմերը ձեռքերնին` կը խոնարհի ձեր շիրիմներուն առջեւ` երգելով «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ը:

Յարգա՛նք ձեզի` 5 ԽԵՆԹԵՐ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 26 Յուլիս 2023)

Յաջորդը

Հայի Հողեղէն Աստուածները…

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.