Նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային հաւաքականը աւարտեց իր ելոյթները Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով, երբ 5-րդ դիրքի մրցումին 65-60 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մալթայէն:
Իր կրած այս պարտութեան պատճառով, Հայաստան գրաւեց դասաւորման 6-րդ դիրքը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Սեդա Գաբրիէլեան, որ տապըլ տապըլ մը իրագործեց (33 կէտ, 16 ռիպաունտ):


