Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի հաւաքականը իր յաջող ելոյթները կը շարունակէ Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան գծով:
63 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալիկ Կճոյեան, որ ճակատեցաւ ազրպէյճանցի Քանան Ասլանլիի դէմ, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը:
Կճոյեանէն առաջ յաղթանակներ արձանագրած էին Ռուստամ Նամոյեան (80 քկ եւ վեր), Տիգրան Յովսէփեան (50 քկ) եւ Արէն Խաչատրեան (52 քկ):
Այս ախոյեանութիւնը, որ սկսաւ նախորդ շաբաթ, իր աւարտին կը հասնի 31 յուլիսին:


