Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Դաշնակցային Խորհուրդը Հայաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Գնահատելու Հռոմի Կարգավիճակին Միանալու Հետեւանքները Եւ Դաշնակցային Յարաբերութիւններու Համար Վտանգները

July 22, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները պէտք է ուսումնասիրեն երկրի` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կարգավիճակին միանալու հետեւանքները եւ գնահատեն Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն առնչուած վտանգները: «Փարլամենցքայա կազեթա» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Դաշնակցային խորհուրդի նախագահի տեղակալ Եուրի Վորոպիովը երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի նիստի ընթացքին:

Վորոպիով նշած է, որ Հայաստանի` Հռոմի կարգավիճակին հաւանական միացումը իրականութեան մէջ պիտի նշանակէ Երեւանի կողմէ Լա Հէյի դատարանի բոլոր գործերուն առնչութեամբ իրաւասութեան ճանաչում:

«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ մեր հայ գործընկերներուն այս քայլը չունի հակառուսական պարունակ, սակայն, բայց եւ այնպէս, գործնականին մէջ շօշափելի վնաս կը հասցնէ ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն: Մենք մեր դաշնակիցներուն կոչ կ՛ուղղենք անգամ մը եւս ուշադիր ուսումնասիրելու Հռոմի կարգավիճակին միանալու հետեւանքները եւ գնահատելու Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն համար հաւանական վտանգները», ընդգծած է Դաշնակցային խորհուրդի փոխնախագահը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նախապէս յայտարարած էր, որ Մոսկուան կ՛ակնկալէ, որ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կարգավիճակի վաւերացման շուրջ կացութիւնը Հայաստանի մէջ դաշնակցային ոգիի համահունչ պիտի լուծուի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտարարած էր, որ Միջազգային քրէական դատարանի դատախազը կը կատարէ միայն Արեւմուտքի հրամանները: Այսպէս նախարարը մեկնաբանած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու մասին դատարանի որոշումը:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հրաւէրով ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին Կեցուածքներ

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետները Ամէն Անգամ Պիտի Հանդիպին Սահմանի Տարբեր Հատուածներու Մէջ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.