Հայաստանի կողմէ հրաւիրուած ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստի ընթացքին կազմակերպութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու հաւատարմատար Քեթրին Պրաքըր ողջունած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակի հանդիպումները, որոնց շարքին 15 յուլիսի հանդիպումը` Պրիւքսելի մէջ, եւ 27-29 յունիսինը` Ուաշինկթընի մէջ:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը, երկխօսութիւնը եւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը` իրարու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի, ուժի կիրարկումէն կամ ատոր կիրարկման սպառնալիքէն հրաժարելու` Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին մէջ շարադրուած սկզբունքներու հիման վրայ, կը մնան յառաջ երթալու միակ ուղին», շեշտած է ամերիկացի դիւանագէտը:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման` Պրաքըր նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական կացութեան վատթարացման վտանգ կայ:
«Մենք կողմերուն կրկին կոչ կ՛ուղղենք` զերծ մնալու սադրիչ, սպառնացող կամ թշնամական գործողութիւններէն կամ հռետորաբանութենէն», նշած է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը:
Հալընտ. «Բրիտանիան Խորապէս Մտահոգ Է Լաչինի Միջանցքի Աշխատանքի Շարունակական Խախտումներով»
ԵԱՀԿ-ի մէջ Բրիտանիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Նիլ Հալընտ յայտարարած է, որ իր երկիրը խորապէս մտահոգուած է Բերձորի միջանցքի աշխատանքի շարունակական խախտումներով:
«Մենք կ՛աջակցինք 2023 թուականի փետրուարին Ազրպէյճանի վերաբերեալ միջազգային դատարանի տուած որոշումին` Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով անարգել երթեւեկը ապահովելու վերաբերեալ: Բրիտանիան բոլոր կողմերուն կրկին կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու մարդասիրական օգնութեան քաղաքականացումէն: Քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութեան համար չափազանց կարեւոր է, որ Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի նման կազմակերպութիւնները կարենան շարունակել այս շրջանին մէջ իրենց աշխատանքը:
«Բրիտանիան յստակօրէն յայտարարած է, որ այս տագնապին զինուորական լուծում գոյութիւն չունի, եւ երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` շարունակելու լուծման համար բովանդակային բանակցութիւնները: Մենք կ՛ընդունինք, որ որեւէ լուծում պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղւոյն բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ կէտեր:
«Մեզ կ՛ոգեւորէ Շարլ Միշելի` 15 յուլիսին կայացած եռակողմ հանդիպումը նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ, եւ մենք յոյս ունինք, որ պիտի պահպանուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղ համաձայնութեան հասնելու ազդակը», աւելցուցած է ան:
Լուքաշեւիչ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Յուսալի Եւ Յստակ Երաշխիքներ Պէտք Են»
ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ Հայաստանի կողմէ հրաւիրուած ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստին ընթացքին յայտարարած է. «Ցաւօք, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութիւնը կը զարգանայ բացասական բեմագրութեամբ. մարդասիրական ճգնաժամը կը խորանայ:
«Պէտք է անյապաղ քայլերու ձեռնարկուին Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման, երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժի վերսկսման, ինչպէս նաեւ շրջանի ուժանիւթի մատակարարումը վերականգնելու համար:
«Կը կարծենք նաեւ, որ այս պայմաններուն մէջ կը մեծնայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ համաձայնութեան շուտափոյթ գոյացման կարեւորութիւնը` ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ: Իբրեւ հիմք կ՛ընունինք այն, որ սոյն համաձայնագիրի անբաժան մաս պէտք է դառնան Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան յուսալի եւ յստակ երաշխիքները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եռակողմ յայտարարութիւններու բոլոր կէտերու անշեղ կատարումը, ներառեալ` հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկը եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը», ըսած է Լուքաշեւիչ:
Ան վերահաստատած է ռուսական կողմի տրամադրուածութիւնը` աշխուժօրէն նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի բնականոն կենսագործունէութեան վերականգնման եւ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հոլովոյթի յառաջխաղացման:
«Պատրաստ ենք մօտ օրէն Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպում` քննարկելու համար բարձր մակարդակով համաձայնութիւններու կատարման ուղիները, ներառեալ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ համաձայնութեան գոյացման նիւթը, որուն պիտի յաջորդէ Մոսկուայի մէջ կայանալիք եռակողմ վեհաժողով` յիշեալ փաստաթուղթի ստորագրման նպատակով», եզրափակած է դիւանագէտը:


