Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ համակեցութեան երկիր Լիբանանն ու ազգային համերաշխութեան ու գոյակցութեան հաւատացող լիբանանցիները կը դատապարտեն Շուէտի մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով Քորանը հրկիզելու արտօնութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Սթոքհոլմի մէջ Քորանի հրկիզումը իսլամներուն զգացումներն ու արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ:
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շուէտական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ որդեգրելու համապատասխան միջոցառումներ` ատելութեան եւ իսլամատեացութեան զգացումները խորացնող, ցեղապաշտութիւնը քաջալերող, վայրագութիւն հրահրող եւ կրօնները վարկաբեկող արարքներուն վերջ տալու:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին Իրաքի դրօշը հրկիզելու արարքը եւ կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս հաշուետուութեան կանչելու յանցագործները: Նախարարութիւնը կը դատապարտէ նաեւ Պաղտատի մէջ շուէտական դեսպանատան վրայ գործուած յարձակումը, որուն դրդապատճառը նախորդ անգամ Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզումն էր:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ Իրաքի կառավարութեան կեցուածքը, որ կը մերժէ շուէտական դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումը եւ հաշուետուութեան կը փափաքի կանչել յանցագործները: Նախարարութիւնը կ՛ողջունէ միջազգային որեւէ ջանք, որ ի գործ կը դրուի` մշակելու համար օրէնքներ, որոնք կ՛արգիլեն կրօնական խորհրդանիշներուն եւ սրբութիւններուն դէմ վարկաբեկումները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի սգատօնին առիթով կազմակերպուած հաւաքներուն ծիրին մէջ նախանցեալ գիշեր արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան ցաւ յայտնեց, որ Շուէտի մէջ Քորանը եւ Իրաքի դրօշը հրկիզուած են:
Ան հաստատեց, որ այդ արարքը կ՛ընդվզեցնէ իսլամները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ արարքը գործուած է շուէտական իշխանութիւններուն արտօնութեամբ:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Քորանի պղծումը բոլոր իսլամներուն արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ, «եւ ժողովուրդներուն իրաւունքն է իրենց ցասումը արտայայտել: Կոչ կ՛ուղղեմ արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն իրենց պետութիւններէն պահանջելու, որ Շուէտի մէջ իրենց դեսպանները տուն կանչեն եւ իրենց երկիրներու Շուէտի դեսպանները վտարեն», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց նաեւ, որ երէկ` ուրբաթօրեայ նամազէն ետք կազմակերպուին ցոյցեր, որոնք կրեն «Լիբանանի մէջ շուէտական դիւանագիտական անձնակազմը դուրս շպրտել, եւ Շուէտի մէջ լիբանանցի դիւանագէտները տուն կանչել» կարգախօսը:
Աւելի ուշ շիի համայնքի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ արաբական եւ իսլամական երկիրներէն պահանջեց յստակ եւ վճռական կեցուածքներ որդեգրել ու Շուէտի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզել:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերը Պէյրութի շուէտական դեսպանատան եւ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորի բնակարանին շուրջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին:
Յետմիջօրէին Պաալպեքի, Սայտայի, Հասպայայի, Նապաթիէի, Մերժահիունի, Քֆարքիլայի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ արձանագրուեցան հաւաքներ` ընդառաջելով սէյիտ Նասրալլայի կոչին:
Հաւաքներուն ընթացքին դատապարտուեցաւ Քորանը հրկիզելու արարքը, իսկ Պաալպեքի հաւաքին ընթացքին ներկաները բարձրացուցին Քորանը եւ հրկիզեցին Շուէտի դրօշը:


