Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կութիերեսի Տեղեկագիրը Թիւ 1701 Բանաձեւին Մասին. «Երկու Կողմերը Իրենց Յանձնառութիւնը Չեն Կատարած, Եւ Մնայուն Զինադուլի Իմաստով Ոչ Մէկ Զարգացում Արձանագրուած Է»

July 22, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես հրապարակեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մասին իր տեղեկագիրը, որուն շրջագիծին մէջ հաստատուեցաւ, որ երկու կողմերը իրենց յանձնառութիւնը չեն կատարած, եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ մնայուն զինադուլի իմաստով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է:

Կութիերեսի տեղեկագիրը հիմնուած էր  թիւ 1701 բանաձեւին մասին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի ներկայացուցած տեղեկագիրին վրայ, որ կը ներառէ 21 փետրուար 2023-էն 20 յունիս 2023 ժամանակաշրջանը:

Վրոնեցքա շեշտեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին խորհրդակցութիւնները անդրադարձան Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն եւ ընդգծեցին երկու կողմերուն ցուցաբերելիք ինքնազսպումի անհրաժեշտութիւնը:

Վրոնեցքա հաստատեց, որ Կութիերես բազմիցս կոչ ուղղած է զոյգ կողմերուն` գործադրելու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ վերջ տալու գործուող փոխադարձ ոտնձգութիւններուն եւ բռնարարքներուն:

Ան շեշտեց թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա վճռական է Լիբանանի, Իսրայէլի եւ շրջանին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:

Վրոնեցքա նշեց, որ պէտք է թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մօտենալ եւ ոչ թէ անկէ հեռանալ` դիտել տալով, որ այդ բանաձեւին կատարեալ գործադրութիւնը կը մնայ իսկական պահանջ եւ պարտաւորութիւն:

Վրոնեցքա անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը  ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարուի` զայն նկատելով անկիւնադարձային փուլ մը` պետական հաստատութիւններու աշխատանքը վերաշխուժացնելու եւ ապաքինման հոլովոյթը սկսելու առումով:

Վրոնեցքա նշեց, որ պետական համակարգին մէջ ստեղծուած իննամսեայ դատարկութեան փուլը կը կաշկանդէ երկրին տագնապները լուծելու կարողութիւնը:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներուն ու լիբանանցիներուն վրայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն:

«Պահանջուած է զարգացում արձանագրել` ամբողջական, արդար եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի պայմաններուն համապատասխանող բարեկարգումներ գործադրելու իմաստով: Սակայն հակառակ քաղաքական անդամալուծութեան եւ տնտեսական ու ընկերային պայմաններու վատթարացման, Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը ընդհանրապէս հակակշիռի տակ կը գտնուի», յայտնեց ան:

Վրոնեցքա բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դեակատարութիւնը, իսկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Գ. տարելիցէն շաբաթներ առաջ վերահաստատեց ՄԱԿ-ի պահանջը, որ լիբանանեան իշխանութիւնները այդ պայթումին մասին բացուած հետաքննութիւնը ամբողջացնեն` չէզոքութեամբ, ամբողջական ու թափանցիկ կերպով:

Ան հաստատեց դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը` զայն նկատելով օրէնքի, արդարութեան եւ հաշուետուութեան գերիշխանութեան ողնաշարը:

Վրոնեցքա ընդգծեց ՄԱԿ-ի յանձնառութիւնը` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն օժանդակելու առումով:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ Ժահժահի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Արտաքին Հարցերը

Յաջորդը

«Պէյրութը Արաբ Երիտասարդներու Մայրաքաղաք-2023»-ի Հանդիսութիւններու Մեկնարկը Կատարուեցաւ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.