Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհամբեր Սպասուած Ամիսը

July 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԷՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ահա արդէն յունիս ամիսն ալ բոլորեցինք, եւ արդ, կը դիմաւորենք յուլիսը` անհամբեր սպասելով անոր ընկերակցող արձակուրդն ու հանգիստը: Սակայն աշխարհի չորս ծագերուն ո՛ւր կարելի է գտնել բուռ մը հայեր,  որոնք հիմնած են գաղութներ, հայկական վարժարաններ ու հայկական մշակութային կեդրոններ, այլ պատճառով հմայուած կը սպասեն այս ամիսը. այս վերջիններս կը սպասեն այս ամիսը, որովհետեւ կ՛ամբողջացնեն իրենց դպրոցական տարեշրջանը, զոր կը փակեն տարեվերջի աւարտական հանդէսով, ուր ամբողջ տարուան ընթացքին աշակերտները բեմի վրայ կը ներկայացնեն իրենց ամբարած գիտելիքներէն բաժին մը:

Այս տարի բախտաւորութիւնը ունեցայ ներկայ գտնուելու ֆրանսահայ համայնքի հայկական վարժարաններէն մէկուն աւարտական հանդէսին: Արդէն իսկ առաջին վայրկեանէն,  նախքան վարագոյրներուն բացուիլը, անսպասելի զգացական հարուած մը ստացայ,  երբ միջնակարգի զոյգ մը աշակերտներ խօսք առին ու երկլեզու ներկայացուցին իրենց տարեկից արցախցի քոյր-եղբայրներուն դաժան պայմաններու տակ գտնուելու իրականութիւնը եւ իրենց զօրակցութեան պատրաստակամութիւնը:

Եթէ այսքանը բաւարար չէր` արցունք հոսեցնելու հանդիսատեսներուն աչքերէն, կը նշանակէ, որ անոնք օժտուած են անզգամութեան գերբնական կարողութիւններով, սակայն նոյնիսկ այս կարողութիւնները մէկդի կը դրուին, երբ հանդէսի ամբողջ ընթացքին ականատես կ՛ըլլան, թէ ինչպէ՛ս ազգային ոգին, հայկականութիւնն ու հպարտօրէն էականացուող հայեցիութիւնը դրոշմուած է երեխաներուն մտքերուն մէջ:

Երեխաները անխտիր կը սնանին մեր դարերով զարգացած հայկական մշակոյթով, իրենց մտքերուն մէջ կենդանի կը մնան` Թումանեանը, Կանաչեանը, Մուշեղ Իշխանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ` կ՛ըսես: Շատ պարզ է: Երբ նոյնիսկ հեռուէն կը շլանամ լուսաստղի պէս շողշողացող հուրէն ու կրակէն: Իւրաքանչիւր «Հայաստան» եւ կամ «Արցախ» գոչելնուն, արդէն իսկ հզօր լոյսը կը բազմապատկուի եւ աւելի ուժգին կը փայլի անոնց աչքերուն ու հոգիներուն մէջ: Երբ կը տեսնեմ, որ իրենց տակաւին փոքր բռունցքները օդը կը հարուածեն ըսելու համար, որ իրենք կը մերժեն ընդունիլ որեւէ ուրիշ երկիր` իբրեւ հարազատ հայրենիք: Տեսնելով այս բոլորը` կարելի չէ նոյնիսկ դոյզն կասկած ունենալ մեր ապագայ սերունդին ազգասիրութեան գոյութեան վերաբերեալ:

Ուրեմն այս ամէնը տեսնելէ եւ նոր սերունդին անմար կրակը վկայելէ ետք, կը մնայ միայն մէկ հարցում, զոր պէտք է ուղղենք մենք զմեզ: Ինչպէ՞ս կարելի է տակաւին մնալ թուլամորթ ու կրաւորական: Ինչպէ՞ս, իբրեւ այսօրուան չափահաս եւ գիտակից հայորդի, հանգիստ խղճով մխրճուիլ առօրեայ կեանքին մէջ` խուլ ականջ դարձնելով հայրենիքին կանչերուն: Երբ օրական ձեր զաւակներուն աչքերուն մէջ կը նայիք, չէ՞ք տեսներ այդ հուրը,  չէ՞ք տեսներ անոնց ազգասիրութիւնը, չէ՞ք ոգեւորուիր այդ անյաղթելի կեցուածքէն: Ինչպէ՞ս մենք մեզ կը թոյլատրենք անտարբեր նստիլ ու հանգստանալ, երբ մեր զաւակներուն հոգիներուն մէջ կ՛այրի Հայաստանի եւ Արցախի տենչը: Ինչպէ՞ս մենք մեզի իրաւունք կու տանք ոտնակոխելու իրենց արդարացի երազը:

Սորվինք մեր երեխաներէն, ներշնչուի՛նք իրենց յեղափոխականութենէն, սնանի՛նք իրենց անչափ ուժով ու պայքարի ոգիով եւ դառնանք այդ «նախնիները», որոնց մասին պարծանքով կրնան խօսիլ եւ ըսել. «Կը յիշեմ, երբ հայրենիքը վտանգի տակ էր` մահամերձ օգնութեան կը սպասէր, իրենք էին, որ հասան օգնութեան եւ փրկեցին զայն` մեզի իրաւունք տալով, որ ունենանք հայրենիք, եւ մենք այսօր կարենանք հպարտօրէն մենք մեզ անուանել հայ»:

Լսեցէ՛ք ձեր զաւակներուն աղերսանքը: Մտիկ ըրէ՛ք անոնց պահանջները: Փրկեցէ՛ք մեր հայրենիքը: Լռութիւնը ինքնին պատասխան է: Մի՛ մնաք լուռ: Հասէ՛ք Արցախ: Հասէ՛ք Հայաստան: Ձեր զաւակներուն ամբողջ յոյսը ձեր վրան է: Մի՛ լքէք զիրենք յուսախաբ առանց տուն, առանց հայրենիք:

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Կը Սխալի` Մտածելով, Որ Հայաստան Համաձայնած Էր Մեղրին Փոխանակելու Արցախով

Յաջորդը

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.