Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պու Ֆաուր հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին երկխօսութեան, «սակայն ցաւ ի սիրտ կը զգան, թէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հոլովոյթը հակակշիռէ դուրս եկած է», ըսաւ ան: Պու Ֆաուր անհրաժեշտ նկատեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչի մը եւ նոր զինուորական խորհուրդի մը նշանակումը:

ԱՇՈՒՐԱՅԻ նախօրեակին կատարուող 10-օրեայ սգատօնին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց կրօնական բովանդակութիւն ունեցող պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ սակայն հաստատեց, որ Լիբանանի պատմութիւնը պէտք է կարդալ, որպէսզի կարելի ըլլայ օգտուիլ անոր օրինակներէն, նոյն սխալները չգործել եւ լիբանանցիները դարձեալ քաղաքացիական պատերազմի դէմ յանդիման չդնել:

ԱՇՈՒՐԱՅԻ նախօրեակին կատարուող 10-օրեայ սգատօնին առիթով, շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Մսայլեհի բնակարանին մէջ կազմակերպուած սուգի երեկոյին, որուն ընթացքին արտասանեց պատգամ մը եւ կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն արագացնելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան շուրջ գոյանալիք համախոհութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ տագնապին լուծման նպատակով նշանակուած ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Ժետտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց շարքին նաեւ լիբանանեան թղթածրարը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ յուլիսի սկիզբէն ի վեր Լիբանան եկած են 900 հազար հոգի, որոնց 33 առ հարիւրը օտարներ են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուի, որուն դիւանագիտական գործունէութիւնը հասաւ իր աւարտին, հրաժեշտի իր այցելութիւնները շարունակեց լիբանանցի անձնաւորութիւններուն, որոնց շարքին` մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատայի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի: Ամանի նշեց, որ Սահլաուիի հետ քննարկած է իրենց միջեւ ընթացող եղբայրական գործակցութիւնը, որ կ՛արտացոլացնէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հեզասահ յարաբերութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական հարցերը, եւ որմէ ստացաւ Մոսկուա կատարելիք իր այցելութեան հրաւէրը: Հանդիպումին շեշտուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց հեռու մնալու բաժանում սերմանող մտածումներէն` հաստատելով, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ քաղաքացիական անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան, հեռու` լարուածութենէ եւ մոլեռանդութենէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ շեշտեց, որ կա՛մ պէտք է ուղղուիլ յստակ նախապայմաններով երկխօսութիւն կատարելու, կա՛մ ալ պէտք է դիմադրել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Դիմադրութեան առանցքը պատասխանատու է լիբանանցի ժողովուրդի տառապանքին: «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն կը պահանջենք անմիջապէս հրաւիրել նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական իրերայաջորդ նիստերու», ըսաւ Ժահժահ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք կ՛ընդունին Թաէֆի սահմանադրութիւնը եւ կը հաւատան, որ այդ սահմանադրութիւնը աւելի լաւ գործադրուելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ մեծ թիւով նպատակներ իրականացնել:

 

 

Նախորդը

Ցուցարարներ Ներխուժեցին Պաղտատի Մէջ Շուէտի Դեսպանատուն Եւ Հրկիզեցին Զայն

Յաջորդը

Սլիմ. «Բանակը Կազմ Ու Պատրաստ Է Հարաւային Լիբանանի Ապահովութիւնն Ու Անդորրը Պահպանելու»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.