Եւրոպական խորհրդարանը հրապարակած է 13 յուլիս 2023-ին որդեգրուած բանաձեւի բնագիրը` Եւրոպական խորհրդարանի կանոններու բարեփոխման վերաբերեալ. անոր մէջ առանձին անդրադարձ կատարուած է փտածութեան վերաբերեալ կասկած յարուցող դրուագի մը վրայ, որ կ՛առնչուի ԵԽԽՎ-ի անդամներու վրայ Ազրպէյճանի ազդեցութիւն գործելուն: Այս մասին կը գրէ «Լուրեր» կայքը:
Բանաձեւը նաեւ ԵԽԽՎ-ի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ Ազրպէյճանը կրցած է կանխարգիլել իր ընտրութիւններուն առնչուած հետաքննութիւնը, ինչպէս նաեւ` մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ իր «դէմքը մաքրել»:


