Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 92.200 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Իսլամական նոր տարուան առիթով երէկ ուղղեց պատգամ մը, որուն շրջագիծին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր պատասխանատուներուն վերջ տալու իրարու նկատմամբ իմաստուն ձեւանալուն եւ յաւելաբանութիւններուն: «Բոլորդ պէտք է զիջիք ի խնդիր հայրենիքին, այլապէս` բոլորս կ՛ուղղուինք դէպի խաւար», յայտնեց ան: Տըրիան ընդունեց երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ յանգելու համաձայնութեան մը` հիմնական խորագիր ունենալով երկխօսութիւնը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանական բաժանմունքի ընդհանուր հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ամին Սլայլաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով Ներքին ապահովութեան ուժերուն առաքելութեան կապուած մանրամասնութիւններ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադարձաւ Իսլամական նոր տարուան եւ Աշուրայի տօնին` հաստատելով, որ այս զոյգ տօները մարդկութեան պատմութեան եւ անոր խիղճին մէջ հիմնական են ու անկիւնադարձային: Պըրրի աւելցուց նաեւ, որ անոնք զոհողութիւն կը նկատուին մարդու եւ հայրենիքներուն համար:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 23.000 լ. ոսկիով, մազութը` 20.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 29.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.653.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.693.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.444.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 796.000 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ ինք կառավարութեան նիստին ընթացքին Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի պաշտօնազրկումը չէ առաջարկած` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու մասին տուեալներ չկան:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրագործութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ տեղահանուածները հիւրընկալելու Եւրոպական խորհրդարանին կարողութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան` Լիբանանինը, որ ներուժ չունի այլեւս:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը բառին իսկական իմաստով Լիբանանի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, թէ ո՛վ որ արտաքին համաձայնութիւններուն եւ դրամով լեցուն պայուսակներուն կը սպասէ` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու համար, շատ երկար պիտի սպասէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա հաստատեց, որ լիբանանեան հողերուն վրայ սուրիացի ոչ մէկ տեղահանուած պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ որոշումը լիբանանցիներուն մօտ կը գտնուի, եւ ի՛նչ ալ ըլլայ իրենք պիտի պայքարին տեղահանուածներու տունդարձին համար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Խէյր երէկ ընդունեց Պքաասաֆրինի քաղաքապետութեան եւ թաղապետներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որոնց հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները: Անդրադառնալով Պքաասաֆրինի եւ Պշարրէի միջեւ կալուածներու սահմանագծումին եւ Քըրնեթ Սաուտայի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպին` Խէյր յայտնեց, որ իրենք կը վստահին դատական իշխանութիւններուն եւ կը փափաքին, որ այս թղթածրարը տեղեկատուական քննարկումէն դուրս բերուի:

ՄԸՆԻԷԻ Մարքապթա գիւղաքաղաքին մէջ 3-4 անծանօթ երիտասարդներ ինքնաշարժով փորձեցին առեւանգել երեխաներ, որոնք ակին մօտ կը գտնուէին: Մընիէի քաղաքապետ Պասսամ Աթիէ հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերը անմիջապէս տեղեակ պահուած են այդ դէպքին մասին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մաքոլմը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը` Ազրպէյճանի Փտածութեան Գործողութիւններուն Վրայ

Յաջորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Տեղահանուածներուն Հարցով Յանձնարարականներ Պիտի Յայտարարէ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.