Աղջկանց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման 69-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ.-250»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքի ընթացքին:
Աւանեսեան, որ Ա. հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ մրցեցաւ 171-րդ դասուած Ռեպեքա Շրամքովայի (Սլովաքիա) դէմ, արձանագրեց 2-6, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը, երկուքուկէս ժամ տեւած ճակատումին ընթացքին:
Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ, Աւանեսեան պիտի մրցի հունգարացիներ Թիմէա Պապոս-Աննա Պոնտար մրցումին յաղթականին դէմ:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 225 հազար եւրօ:


