Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց հոգեւոր եւ քաղաքական հեղինակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց Պէյրութի, յատկապէս` Մար Մըխայէլի եւ Ժըմմէյզէի կացութիւնը:
Հանդիպումին ներկայ էին մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդի ներկայացուցիչ հայր Նեքթարիոս Խէյրալլա, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, քաղդէացիներու եկեղեցւոյ նախագահ` առաջնորդ Միշել Քասարժի, մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնց շարքին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ, Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի եւ ապահովական կառոյցի ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր առմամբ Պէյրութի ապահովական իրավիճակը եւ ի մասնաւոր Մար Մըխայէլի եւ Ժըմմէյզէի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ապօրինի գործող կարգ մը ճաշարաններու եւ փապերու պատճառած խճողումն ու աղմուկը, որոնք կը խանգարեն բնակիչներուն հանգիստը:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ շրջուն հսկողութիւնը խստացնելու եւ ապահովական համապատասխան այլ միջոցառումներու դիմելու:


