Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Երեւանը Լեռնային Ղարաբաղը Ճանչցած Է Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Բնակչութեան Ճակատագիրի Պատասխանատուութիւնը Պէտք Չէ Դնել Երրորդ Երկիրներու Վրայ»

July 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 15 յուլիսին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «2022 թուականի հոկտեմբերին եւ 2023 թուականի մայիսին Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ տեղի ունեցող վեհաժողովներուն ընթացքին Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցաւ իբրեւ Ազրպէյճանի տարածքի մաս:

«Մենք կը յարգենք Հայաստանի ղեկավարութեան գերիշխան որոշումը, սակայն ատիկա արմատական կերպով կը փոխէ այն հիմնարար պայմանները, որոնց մէջ ստորագրուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ ճշդուած` ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի վիճակը:

«Մենք կը կարծենք, որ այս պայմաններուն մէջ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ճակատագիրի պատասխանատուութիւնը պէտք չէ դնել երրորդ երկիրներու վրայ: Անհրաժեշտ է անյապաղ սկսիլ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստումը` հիմնուելով նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն վրայ:

«Այս համաձայնագիրի անբաժանելի մասը պէտք է ըլլան Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան յուսալի եւ յստակ երաշխիքները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եռակողմ համաձայնագիրներու ամբողջ թղթածրարի խստիւ կատարումը, ներառեալ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկը»:

Մոսկուան Պաքուին Խստօրէն Կոչ Կ՛ուղղէ` Շտապ Քայլերու Ձեռնարկելու` Բերձորի Միջանցքը Անյապաղ Բանալու Համար

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մտահոգիչ է, որ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութիւնը կը զարգանայ բացասական բեմագրութեամբ: Տարածքին մէջ մարդասիրական ճգնաժամը հետզհետէ կը խորանայ:

«Տեղւոյն բնակչութիւնը սնունդի, դեղորայքի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սուր պակաս կը զգայ, գործնականին մէջ զրկուած է ելեկտրուժէն եւ կազէն. ասիկա կրնայ ամէնէն ծանր հետեւանքները պատճառել Ղարաբաղի հայութեան` շրջանի հասարակ բնակիչներուն համար:

«Մենք Ազրպէյճանի ղեկավարութեան խստօրէն կոչ կ՛ուղղենք շտապ քայլերու ձեռնարկելու` Լաչինի միջանցքը անյապաղ ապաշրջափակելու, քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը վերսկսելու երկու ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ շրջանի ուժանիւթի մատակարարումը վերականգնելու ուղղութեամբ:

«Մենք պատրաստ ենք մօտիկ ապագային Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում` քննարկելու բարձրագոյն մակարդակով համաձայնութիւններու իրականացման ուղիները, ներառեալ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու հարցը, որուն պիտի յաջորդէ ռուս-ազրպէյճանա-հայկական վեհաժողովը Մոսկուայի մէջ` նշեալ փաստաթուղթը ստորագրելու համար»:

Պաքու Կը Քննադատէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը

Պաքու քննադատեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շաբաթ օրուան յայտարարութիւնը` պնդելով, որ անիկա կը հակասէ «Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրին եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան մասին յայտարարութիւններուն»:

«Անթոյլատրելի է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը մեկնաբանէ այն փաստի ծիրին մէջ, թէ Հայաստանի վարչապետը Ղարաբաղը կը ճանչնայ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Հակառակ Ազրպէյճանի բազմաթիւ զգուշացումներուն` ոչ մէկ քայլի ձեռնարկուած է կանխարգիլելու Լաչինի ճամբով ապօրինի գործունէութիւնը», կը յայտարարէ Պաքու` պնդելով, թէ միջանցքը օգտագործուած է «Հայաստանէն Ազրպէյճանի տարածք ռազմամթերք ու ականներ տեղափոխելու, ապօրինի զինուած խմբաւորումներ փոխադրելու համար»:

 

Նախորդը

Գուրգէն Ներսիսեան. «Յանուն Ինչի՞ Կը Կատարուին Այդ Զիջումները, Մեզի Այս Գինով Խաղաղութիւն Պէտք Չէ»

Յաջորդը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.