Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը հայրենիքին վահանն է` աւելցնելով, որ ինք յանձնառու կը մնայ անոր` նկատի ունենալով, որ պաշտպանութեան նախարարութեան մակարդակով անիկա իր պատասխանատուութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ:
«Նախարարութեան հարցերը կը լուծեմ պաշտպանութեան օրէնքին հիման վրայ: Ես քաղաքական աշխատանք չեմ տանիր եւ քաղաքականութեան հիման վրայ կեցուածքներ չեմ ճշդեր, ինչպէս նաեւ կը մերժեմ, որ բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան նստաշրջանին առումով որեւէ խախտում արձանագրուի», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, Սլիմ շեշտեց, որ ինք օրէնքը չի շրջանցեր եւ կը մերժէ օրէնքի շրջանցում արձանագրելու որեւէ պարագայ: «Այս շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութեան նստաշրջանէն երեք ամիս առաջ ջանք թափեցի ամբողջացնելու զինուորական նշանակումները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ զինուորական նշանակումները կատարելու իմաստով ազգային համախոհութիւն չկայ, որովհետեւ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը կը մերժեն, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը նշանակում կատարէ:
«Երբ այս իմաստով համախոհութիւն գոյանայ, այն ատեն է, որ անունները կ՛առաջարկեմ եւ կ՛ուղղուիմ նախարարաց խորհուրդ», յայտնեց ան:


