Թուրքիան առայժմ ընդամէնը բացած է Շուէտի անդամակցութեան ճամբան, սակայն տակաւին հաւանութիւն չէ տուած: Այս մասին «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք:
«Թուրքիան ընդամէնը բացած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան ճամբան, սակայն տակաւին «այո» չէ ըսած», ըսած է Չելիք:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած կուսակցութեան բանբերը նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան արձանագրութիւնը պիտի սերտէ աշնանային նստաշրջանին մէջ, որ պիտի սկսի 1 հոկտեմբերին: Անիկա կրնայ հաւանութեան արժանանալ հոկտեմբեր-նոյեմբերին:
Թուրքիան եւ Շուէտը 10 յուլիսին Վիլնիուսի մէջ, ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախօրեակին ստորագրած են արձանագրութիւն, որուն համաձայն, Սթոքհոլմ պիտի պայքարի Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական յայտարարուած կազմակերպութիւններուն դէմ եւ պիտի աջակցի Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին:


