Ուքրանիան արդէն ստացած է տարանջատուող զինամթերք: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբի գործողութիւններու կառավարման ղեկավար Տակլըս Սիմզ` նշելով, որ տարանջատուող ռումբերու մէկ մասը յատկացուցած են Միացեալ Նահանգներ, միւս մասը` դաշնակիցները:
Ուքրանիոյ նման զինամթերք տրամադրելու որոշումին մասին վերջերս յայտնած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:


