«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա-Քոնֆըրընս-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2023-2024 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները` Փիւնիկ-Երեւան, Արարատ-Արմենիա եւ Ալաշկերտ-Երեւան, իրենց մրցումները կատարեցին իրենց դաշտերուն վրայ:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը` Փիւնիկ-Երեւան, միակն ըլլալով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ միւս երկուքը` հաւասարութիւններ:
Նարվա Թրանսի դէմ (Էսթոնիա) Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ պոսնիացի յառաջապահ Լուքա Եուրիքիչի (65-րդ) եւ պրազիլցի Ճէյմսի (88-րդ) նշանակած կոլերուն:
Հայաստանի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Արարատ-Արմենիա, որ մրցեցաւ Էկնաթիայի դէմ (Ալպանիա), արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Պրազիլցի միջնապահ Ալեմաօ նշանակեց հայկական կազմին կոլը (36-րդ), մինչ հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին… կորսուած վայրկեաններուն (90+7-րդ):
Վերջապէս, Ալաշկերտ, որ մրցեցաւ Արսենալ Թիվաթի դէմ (Մոնթենեկրօ), արձանագրեց նոյն արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հիւր կազմը 23-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, մինչ հայրենի կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց շնորհիւ ռուս յետսապահ Վիթալի Ուսթինովի (66-րդ):
Անոնց միջեւ դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 20 յուլիսին:


