Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Վրաստանին, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը:
Հիւրընկալ կազմին առաջին կոլը նշանակեց 17 տարեկան միջնապահ Թինաթին Ամբալիա:
Նշենք, որ Արտակ Ադամեանի գլխաւորած կազմը Վրաստանի հաւաքականին դէմ վաղը` կիրակի, 16 յուլիսին Թիֆլիսի մէջ պիտի կատարէ իր երկրորդ մրցումը:


