Աշխարհի աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող թունուզցի Օնս Ժապեր, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ապահովեց «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին իր տոմսը, կիսաւարտականին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ:
Ժապեր, որ մրցեցաւ երկրորդ դասուած Արինա Սապալենքայի դէմ (Պիելոռուսիա), արձանագրեց 6-7, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
28 տարեկան թունուզցին աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ չեխ Մարքեթա Վոնտրուսովան (42-րդ), որ իր յաղթանակը արձանագրեց 76-րդ դասուած ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինայի դէմ, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի տղոց կիսաւարտականի մրցումներուն, 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ իր դէմ պիտի ունենայ 8-րդ դասուած իտալացի Եաննիք Սինըրը, մինչ առաջին դասուած սպանացի Քարլոս Ալքարասի մրցակիցն է 3-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ:


