Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Թուրքիոյ Խորհուրդ Տուած Է «Վերցնել Վարդագոյն Ակնոցը»

July 12, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարան պէտք չէ վարդագոյն ակնոցներ կրէ, որովհետեւ եւրոպացիները չեն ուզեր Թուրքիան Եւրոպայի մէջ տեսնել: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ ան այսպէս պատասխանած է այն հարցումին, թէ արդեօք Քրեմլին կը կարծէ՞, թէ Թուրքիան սկսած է թեքիլ դէպի եւրոպամէտ  ընթացք եւ կեդրոնանալ Արեւմուտքի վրայ:

«Թուրքիան կրնայ դէպի Արեւմուտք կողմնորոշուիլ, եւ մենք գիտենք, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ եղած են դէպի Արեւմուտք բուռն կողմնորոշման ժամանակաշրջաններ… եթէ իրերը իրենց անուններով կոչենք, ապա ոչ ոք կ՛ուզէ Թուրքիան Եւրոպայի մէջ տեսնել, ես նկատի ունիմ եւրոպացիները: Մեր թուրք գործընկերները, հաւանաբար, պէտք չէ վարդագոյն ակնոց կրեն», ըսած է Փեսքով:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբերը յայտարարած է. «Ռուսիան եւ Թուրքիան թէ՛ հակասութիւններ ունին, թէ՛ յարաբերութիւններու հատուած մը, որ կը համապատասխանէ երկու երկիրներու շահերուն, հատուած, որ կարեւոր է թէ՛ մեր, թէ՛ թրքական կողմին համար»:

«Թուրքիան Հիւսիսային ատլանտեան դաշինքի անդամ է: Այդ երկիրը իր պարտաւորութիւնները ունի եւ անոնց հաւատարիմ է: Ատիկա մեզի համար երբեք ալ գաղտնիք չէ եղած: Այս առումով մենք երբեք ալ վարդագոյն ակնոցներ չենք կրած», նշած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

Նախորդը

Զախարովա. «Ռուսիան Երբեք Չէր Մոռնար, Որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Անդամ Է»

Յաջորդը

Լաւրով. «Մոսկուան ՕԹԱՆ-ի Ընդլայնումը Անպատասխան Պիտի Չձգէ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.