Իտալացի փորձառու յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի կը փափաքի մնալ իր ակումբին` Եուվենթուսի հետ եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել անոր հետ:
Նշուեցաւ, որ 36 տարեկան ֆութպոլիստը վերջերս մերժեց բաւական լաւ առաջարկ մը, եկած` Սէուտական Արաբիայէն:
Անոր պայմանագրութիւնը Եուվենթուսի հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ տարեշրջանին:
Ան կը մտադրէ իր մասնակցութիւնը բերել «Եւրօ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան, որմէ ետք աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ըստ իտալական մարզական մամուլին, Պոնուչի ունի Եուվենթուսի ամէնէն բարձր աշխատավարձերէն մէկը` 6,5 միլիոն եւրօ:


