Այս շաբաթասկիզբին քաթալոնական Պարսելոնայի ֆութպոլիստները վերադարձան իրենց արձակուրդէն եւ սկսան իրենց փորձերուն:
Սպանիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեանը ներկայացուց ակումբին նոր խմբապետը, որ պիտի ըլլայ 31 տարեկան Սերճի Ռոպերթոն:
Նախքան անոր խմբապետ նշանակուիլը, այդ պաշտօնին համար կը նշուէին նաեւ գերմանացի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթիկընի եւ ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի անունները:
Այսպիսով, Ռոպերթօ, որ 2010-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պարսելոնային, պիտի ստանձնէ սպանացի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթցին պաշտօնը, որ իր կազմը լքելով միացաւ ամերիկեան Ինթեր Մայեմիին:


