11 սեպտեմբերին, «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Խրուաթիա մրցումը (Դ. խմբակ):
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումին բոլոր տոմսերը սպառած են:
Ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆութպոլասէր հասարակութեան` այս աննախադէպ աշխուժութեան համար:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ եւ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):


