«Պաթումի Արենա» մարզադաշտին մէջ (Վրաստան) այսօր` շաբաթ, 8 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ «ԵՒՐՕ-2023»-ի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին Անգլիա եւ Սպանիա, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Կիսաւարտականի մրցումներուն, Անգլիա 3-0 արդիւնքով յաղթեց Իսրայէլին, մինչ Սպանիա 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուքրանիան:
Նշենք, որ Սպանիոյ տղոց խումբը հինգ անգամ տիրացած է տիտղոսին, մինչ Անգլիա` երկու անգամ:


