Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ օր վարչապետարանին մէջ ժողով մը գումարեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան համադրող գնդապետ-զօրավար Մունիր Շահատէի:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի զարգացումները, որոնց լոյսին տակ զօր. Լասարօ ընդգծեց սահմանային Կապոյտ գիծը կայուն պահելու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:
Միքաթի իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին կասեցնելու սահմանային Կապոյտ գիծի իսրայէլեան խախտումները:
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ
Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ռմբակոծումը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը դատապարտեց լիբանանեան հողերէն Քֆարշուպայի դէմ գործուած երէկուան ռմբակոծումը` զայն նկատելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ միջազգային հասարակութեան ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ` կասեցնելու համար Լիբանանի դէմ անոր գործած օդային խախտումները, ինչպէս նաեւ անոր մնայուն յարձակումները, որոնք վերջերս մագլցողական բնոյթ ստացած են` ցամաքային, օդային եւ ծովային առումով:
Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը Լիբանանի սահմանային կայունութեամբ շահագրգռուած երկիրներուն ուշադրութեան յանձնեց այն իրողութիւնը, որ իսրայէլեան այս խախտումները կ՛աշխուժանան եւ կը փորձեն մթնոլորտը ելեկտրականացնել, երբ Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդէն կը պահանջէ երկարաձգել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան երկարաձգումը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց, որ Լիբանան կը յարգէ միջազգային որոշումներու գործադրութիւնը, եւ Իսրայէլէն պահանջեց առանց նախապայմանի ու անմիջապէս նահանջելու տակաւին իր բռնագրաւումին ենթակայ պահած լիբանանեան հողերէն:


