Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակերը կը մնան նոյնը, մազութին սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.626.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.666.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.418.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 762.000 լ. ոսկի:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչի մը` աւելցնելով սակայն, որ եթէ կարելի չըլլայ այդ նշանակումը կատարել, ապա Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչները պէտք է իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը պետական պաշտօնեաներու յուլիս ամսուան աշխատավարձերը արդէն իսկ ուղարկեց Կեդրոնական դրամատուն եւ որդեգրեց այնպիսի գործիքակազմ մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ ամսական աշխատավարձն ու տրամադրուած յաւելումները միաժամանակ փոխանցել պաշտօնեաներուն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց հրապարակելու իրաւական հաշուեքննութեան տեղեկագիրը` ըստ օրէնքի, ինչպէս նաեւ պահանջեց այդ տեղեկագիրէն օրինակ մը յանձնել կառավարութեան, որպէսզի ան յայտարարէ անոր բովանդակութեան մասին:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որ շնորհաւորեց զայն Ատհայի տօնին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի քաղաքական համախոհութեան ենթահող մը պատրաստելու ընթացքին մէջ կը գտնուի, որպէսզի Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչի մը անուան առաջարկ ներկայացնէ կառավարութեան նիստին ընթացքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մակոշի Մասայոքին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն հաւաքական հրաժարականը ժողովրդավարական իրաւունք է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իրենք ամէն տեսակի ճնշում պիտի բանեցնեն Քլէյաաթի «Ռընէ Մուաուատ»-ի անուան օդակայանը բանեցնելու ուղղութեամբ: Ան հաստատեց, որ հիւսիսային Լիբանանը իր բոլոր կառոյցներուն կարիքը ունի, որպէսզի կարենայ շնչել եւ տնտեսական զարգացում արձանագրել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն հրապարակած հաղորդագրութիւնը եւ անոնց հաւաքական հրաժարականի կարելիութիւնը կը մղէ քաղաքական իշխանութիւնը ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը, որպէսզի այդ պաշտօնին պարագային ալ դատարկութեան փուլ մը չստեղծուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն հրապարակած հաղորդագրութեան նպատակն է դիւրացնել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ուահապ անհրաժեշտ նկատեց նշանակումները մէկդի դնել` արգիլելու համար ստեղծուելիք ընդվզումները: Ան առաջնահերթ նկատեց լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու միակ լուծումն է:

ՍԷՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա կոչ ուղղեց կառավարութեան պատասխան տալու եւ բացատրելու իրաւական հաշուեքննութեան տեղեկագիրին արդիւնքները չբացայայտելու պատճառներուն մասին:

ՔԱԱՅԻ քաղաքապետ Պաշիր Մաթար կոչ ուղղեց պետութեան լուծումներ տրամադրելու երկրագործներուն դիմագրաւած հարցերուն, որովհետեւ անոնց ցանքերը երաշտի դատապարտուած են ոռոգման չգոյութեան պատճառով:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Շիա ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օժանդակել Ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Փարիզ` քննարկելու համար ապահովական շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ֆրանսական ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ սենտիքան երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի: Սենտիքան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն ընդառաջելու ազգային երկխօսութեան կոչերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ համախոհութիւն գոյացնել եւ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Շատ Ուշադիր Պիտի Հետեւինք Էրտողան-Զելենսքի Բանակցութիւններու Արդիւնքներուն»

Յաջորդը

Համիէ. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Վերակառուցման Ծրագիրին Պայմանագիրը Միջազգային Լաւագոյն Չափանիշները Կ՛ամբողջացնէ»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.