Շուէտական ոստիկանութիւնը երեք խնդրանք ստացած է Սթոքհոլմի եւ Հելսինկպորկի մէջ կրօնական գիրքերու հրկիզման ցոյցեր կատարելու վերաբերեալ: Անոնցմէ մէկը Սթոքհոլմի մզկիթին դիմաց Քորանի հրկիզման ցոյց է, որուն կազմակերպիչները կ՛ուզեն զայն «որքան կարելի է շուտ» կատարել: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան` յղում կատարելով շուէտական «Էս.Վի.Թի.» պատկերասփիւռի կայանին:
Դիմումը ներկայացուցած 50 տարեկան կինը պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին ըսած է, որ անցեալ շաբթուան ցոյցէն ետք, որ նոյնպէս կատարուած է մայրաքաղաքի մզկիթին մօտ, որոշած է առանձին նոր ցոյց կազմակերպել: Անոր կարծիքով` Շուէտի դէմ բողոքի ցոյցերը, որոնք աշխարհի վրայ յառաջացած են իսլամներու սուրբ գիրքի հրկիզման պատճառով, անարդար են:
Մէկ այլ դիմում 15 յուլիսին Իսրայէլի դեսպանատան առջեւ Թորայի եւ Աստուածաշունչի հրկիզման մասին է: Դիմումը կատարող 30 տարեկան քաղաքացին կ՛ուզէ ցոյց կատարել` ի պատասխան անցեալ շաբաթ Քորանի հրկիզման եւ իբրեւ «խօսքի ազատութեան խորհրդանշական հաւաք»:
Երրորդ դիմումը կը վերաբերի 12 յուլիսին Հելսինկպորկի կեդրոնը կրօնական բնագիրներ այրելու արտօնութեան: Այդ դիմումը եւս ներկայացուած է անհատի մը կողմէ: Թէ ճիշդ ի՛նչ կը նախատեսուի հրկիզել, տակաւին յստակ չէ:
«Մեր կարծիքով` կարելի է, որ ատիկա ուղղուած չէ որեւէ կրօնի դէմ, այլ խօսքի ազատութեան իրագործման եւ ատոր շուրջ ներկայիս ընթացող քննարկման անբաժանելի մասն է», ըսած է Սքանէ նահանգի ոստիկանութեան Հիւսիսարեւմտեան բաժանմունքի ղեկավար Մաթիաս Սիկֆրիտսոն:


