Ազրպէյճանի մէջ ստեղծուած է Պաքուի նախաձեռնող խումբ` ընդդէմ ֆրանսական գաղութատիրութեան: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Այս որոշումը որդեգրուած է Պաքուի մէջ Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծութեան կեդրոնի կողմէ Ոչ յանձնառու պետութիւններու շարժումի համակարգող գրասենեակի նախարարական հանդիպումի ծիրին մէջ կազմակերպուած «Դէպի գաղութատիրութեան լիակատար վերացում» ձեռնարկին:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ոչ յանձնառու պետութիւններու շարժումի ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած էր, որ Ֆրանսան կը շարունակէ նոր գաղութատիրութեան քաղաքականութիւնը եւ որ Ազրպէյճան խիստ մտահոգուած է նոր գաղութատիրութեան աճող միտումով:


