Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Ֆրանսան Ղարաբաղի Մէջ Հայկական Անջատողականութեան Կ՛աջակցի»

July 6, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսան կը շարունակէ նոր գաղութատիրութեան քաղաքականութիւնը, որուն նոր աճին միտումով Ազրպէյճանը խիստ մտահոգուած է: Այս մասին Պաքուի մէջ Ոչ յանձնառու շարժումի համակարգող գրասենեակի նախարարական հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ալիեւի համաձայն, Ֆրանսան պէտք է յարգէ Քոմորեան կղզիներու գերիշխանութիւնը Մայոթ կղզիին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Նոր Քալետոնիոյ եւ ֆրանսական անդրծովեան համայնքներու եւ տարածքներու այլ ժողովուրդներու իրաւունքները:

«Ֆրանսայի կառավարման օրերուն տեղի ունեցած ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած է գրեթէ 1,5 միլիոն ալճերիացի: Ալճերիացի մարտիկներու գանկերը մինչեւ օրս կը պահուին Փարիզի թանգարանին մէջ` իբրեւ ռազմաւար:

«Ֆրանսան պէտք է ներողութիւն խնդրէ իր գաղութային անցեալին եւ արիւնալի գաղութային յանցագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի մէջ, Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ եւ այլուր Ոչ յանձնառու շարժման անդամ երկիրներու դէմ ցեղասպանութեան համար», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի ղեկավարը Ֆրանսան անգամ մը եւս մեղադրած է «գաղութատիրական» քաղաքականութեան համար` համոզում յայտնելով, թէ Փարիզի քայլերը «դատապարտուած են ձախողութեան»:

«Ցաւօք, Ֆրանսան կը փորձէ նոյն արատաւոր գործելաոճը պարտադրել Հարաւային Կովկասի մէջ` աջակցելով հայկական անջատողականութեան Ազրպէյճանի Ղարաբաղ շրջանին մէջ եւ օգտագործելով աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը, արտաքին զինուորական ներկայութիւնը եւ օրիանթալիզմի գաղութային քաղաքականութիւնը», ըսած է Ալիեւ:

Ալիեւ Հայաստանէն Կը Պահանջէ Զինեալ Ուժերը
«Ամբողջութեամբ» Դուրս Բերել Արցախէն

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ եթէ Հայաստանը իսկապէս շահագրգռուած է շրջանին մէջ երկար սպասուած խաղաղութեան հասնելու գաղափարով, ապա պէտք է իր զինեալ ուժերը ամբողջութեամբ դուրս բերէ Ղարաբաղէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Հակառակ անոր որ Հայաստանը ստիպուած էր Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս ճանչնալ, սակայն Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, ուր ժամանակաւոր տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները, տակաւին կան հայկական զինեալ ուժերու մնացորդներ», ըսած է Ալիեւ` զգուշացնելով, որ զինուորական եւ կիսազինուորական կազմաւորումները պէտք է զինաթափուին:

Ազրպէյճանի ղեկավարը դժգոհած է, որ Հայաստանը կը խոչընդոտէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը, մինչդեռ, ըստ Ալիեւի, Երեւանը այդ պարտաւորութիւնը ստանձնած է 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ, ուստի անիկա պէտք է իրականացուի:

Իլհամ Ալիեւ այս մասին խօսքը արտասանած է Ոչ յանձնառու շարժման անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Պաքուի մէջ կայացած հաւաքի ընթացքին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը:

 

 

Նախորդը

Միքաթի Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Խորհրդատուն Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բերձորի Միջանցքով Ազատ ու Անվտանգ Տեղաշարժը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.