ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Մեքքայէն վերադարձաւ Լիբանան: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու իմաստով համաձայնութիւն մը ակնկալելով լիբանանեան պետութեան հիմնասիւները աւելի եւս կը տկարանան եւ կը կազմաքանդուին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ հաստատեց, որ պահանջուածը այն է, որ արտերկրի լիբանանցին ապահով զգայ եւ վստահութեամբ ներշնչուի, երբ ան հայրենիք վերադառնայ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերով աւագ խորհրդական Մարթին Սեմփսընը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վերաբերող հարցեր, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու սէուտական-իրանեան մերձեցումին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Սեմփսըն այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխաններու պլոքին անունով կառավարութեան ուղղեց հարց մը, որ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ անհետ կորսուած ու թաքնուած լիբանանցիներուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան եւ չեն ուզեր անոր վերաբերող ոչ մէկ տառ փոփոխութեան ենթարկել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծում կարելի պիտի չըլլայ ապահովել` բացի երկխօսութեամբ: Ան աւելցուց, որ իրենք կը պատրաստուին այցելութիւններու երկրորդ շրջապտոյտի մը` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին սառցահալ ապահովելու համար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա առաջարկեց, որ իւրաքանչիւր բանտային տարին վեց ամսուան համազօր դառնայ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց անմիջական լուծում ապահովելու մեծ թիւով արգելափակեալներ ունեցող բանտերու հարցին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ կալուածային սահմաններու ճշդումը դատական իշխանութիւններու իրաւասութիւններուն մաս կը կազմէ եւ ոչ թէ քաղաքական:


