Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հաիպի:
Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ այս հանդիպումը ունէր յստակ օրակարգ, որուն շրջագիծին մէջ Պու Հապիպ յանձնախումբին ներկայացուց Ռիատի մէջ Արաբական լիկայի վեհաժողովին արդիւնքները, որպէսզի անոնց լոյսին տակ իմանանք պատահածը, Լիբանանի հետ զօրակցելու հարցը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:
Ալամէ նշեց, որ Պու Հապիպ զեկուցեց նաեւ Պրիւքսելի խորհրդաժողովի արդիւնքները եւ եւրոպական երկիրներուն կեցուածքը սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով:
«Պու Հապիպ նկատած է, թէ յաւելեալ որոշ ըմբռնում մը արձանագրուած է` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին անհրաժեշտութեան գծով: Այս իրականութենէն մենք` իբրեւ արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբ, կրնանք օգտուիլ, նկատի ունենալով, որ տեղահանուածներու թղթածրարին առումով մեր վերջնական բանաձեւերը մշակելու ընթացքին մէջ կը գտնուինք», յայտնեց Ալամէ:
Ան անդրադարձաւ նաեւ, որ յանձնախումբը քննարկած է Մազարեհ Շեպաայի մէջ եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ լարուած վրաններուն հարցը, որուն մասին Պու Հապիպ հաստատած է, որ անոնք կը գտնուին լիբանանեան հողերու վրայ, եւ ոչ մէկ խախտում արձանագրուած է այդ իմաստով:
Ալամէ շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլի կողմէ այս հարցով հսկայական ճնշումներ կը բանեցուին` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարի քննարկումը կատարուեցաւ, եւ մօտիկ ապագային յանձնախումբը գետնի վրայ ուսումնասիրութիւն մը պիտի պատրաստէ այս մասին:
Ալամէ ըսաւ նաեւ, որ Պու Հապիպ յանձնախումբին ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Սուրիոյ մէջ անհետ կորսուածներուն հարցով յատուկ յանձնախումբ մը կազմելու բանաձեւին նկատմամբ Լիբանանի ձեռնպահ մնալուն դրդապատճառները:
Ան հաստատեց, որ այդ որոշումին հիմնական պատճառը արաբական համախոհութիւնն էր եւ համաարաբական միացեալ կեցուածքի որդեգրումը:


