Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Կրօնական Ազատութիւններու Միջազգային Յանձնախումբին Թուրքիոյ Մէջ Կրօնական Փոքրամասնութիւններու Վրայ Ճնշումները Աւելցած Են

March 22, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու կրօնական ազատութիւններու միջազգային յանձնախումբը հրապարակած է 2011-ի տարեկան զեկուցումը, որուն մէջ Թուրքիան կը գտնուի մարդոց կրօնական ազատութեան իրաւունքը խախտող երկիրներու շարքին:

Յանձնախումբը 21-26 փետրուար 2011-ին այցելած է Թուրքիա, ուր հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի, կրօնական հարցերու նախարար Մեհմեթ Կէօրմեզի, ինչպէս նաեւ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ասորական, հայկական եկեղեցիներու ղեկավարներուն, ալեւիներու, մորմոններու եւ Եհովայի վկաներու հետ: Հանդիպումներ եղած են նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան, լրագրողներու եւ գիտնականներու հետ:

Հանդիպումներուն հիմամբ կազմուած է 380 էջնոց զեկուցում մը, որուն մէջ Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամներու կրօնական ազատութեան վերաբերեալ կարծր գնահատականներ տրուած են:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ զեկուցումին մէջ կը նշուի, թէ հակառակ անոր որ Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ կրօնի ազատութեան սկզբունքը նշուած է, սակայն փաստերը այլ բան կը վկայեն: «Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրօնական եւ հաւատքի ազատութեան լուրջ սահմանափակումներ կը մտցնէ, իսկ կրօնական փոքրամասնութիւնները այս երկրին մէջ կը շարունակեն սպառնալիքներ ստանալ», նշուած է զեկուցումին մէջ:

Ըստ թրքական օրաթերթին, 2009-ին եւս այսպիսի ուսումնասիրութիւն կատարուած է եւ երկու զեկուցումներու համեմատութենէն յստակ կը դառնայ, որ Թուրքիա այս հարցին մէջ նահանջ արձանագրած է: «Անցեալ տարուան ընթացքին թուրք հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներուն մէջ աւելցած են հակահրէական դրսեւորումները», ընդգծուած է զեկուցումին մէջ:

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հրապարակուած տուեալները անհիմն նկատած է:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Նորաձեւ Համագումարներ

Յաջորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Լուծում Գտնելու Անանի Ջանքերուն Զօրակցող Նախագահական Հաղորդագրութիւն Մը Որդեգրեց

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։