Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Չաւի շատ հաւանաբար որ քաթալոնական ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը չկնքէ, իր մարզչական խմբակի անդամներու աշխատավարձերուն հետ կապուած տարակարծութիւններուն պատճառով:
Սպանացի մասնագէտը կը պնդէ, որ իր անձնակազմին իւրաքանչիւր անդամի աշխատավարձը պէտք է բարձրանայ:
Սակայն «Լա Լիկա»-ի նորընծայ ախոյեանին ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ այս հարցը քննարկելու:
43 տարեկան Չաւի, որ քաթալոնական ակումբի մարզիչ նշանակուեցաւ նոյեմբեր 2021-ին, մինչեւ 30 յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անոր հետ:


