Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Աւստրիոյ կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, աւարտեցաւ գործող ախոյեան նետերլանտցի Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 25′ 33” արդիւնք մը:
«Ռետ Պուլ»-ի վարորդին ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Շարլ Լեքլերք («Ֆեռարի»), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Վերսթափենի խմբակից Սերճիօ Փերեզ:
Վերսթափեն, որ արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 42-րդ յաղթանակը, 5-րդ անգամ ըլլալով է, որ կը գրաւէ առաջին դիրքը այս կրան փրիին ընթացքին:
Ան այժմ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ 229 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, 81 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին` Փերեզի վրայ:
Կիրակի, 9 յուլիսին, Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Սիլվըրսթոնի կրան փրին:


