Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իմ Ստեղծածս Սփիւռքեան Նկարչութիւն Է» Կ՛Ըսէ Յ. Գասպարեան

March 22, 2012
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գեղանկարիչ  Յովսէփ Գասպարեանի գեղանկարչական ձեռագիրը ծանօթ է  լիբանանահայ արուեստասէրին: Հայկականութիւն խորհրդանշող իրեր,   քանդուող-փլուզուղ տուներ ու թաղեր…  Ահա անոր նկարչութեան հիմնական նիւթը,  պատկերներ, որոնց ամէն մէկ մասնիկը ան վրձնած է ամենայն բծախնդրութեամբ: Աւանդոյթ պահող, հաստատող եւ փոխանցող նկարչութիւն է Յովսէփ Գասպարեանի  ստեղծածը. իր ստեղծագործական նիւթերը ան կը բնորոշէ իբրեւ «տոհմիկ նիւթեր»:

Երկու տարին անգամ մը Յովսէփ Գասպարեան ցուցահանդէսով կը ներկայանայ  արուեստասէրին. Վերջին ցուցահանդէսը Հալէպի մէջ էր` 2010-ին:

Այսօր, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի եւ կազմակերպութեամբ  Կաթողիկոսարանին,  «Կիլիկիա» թանգարանի մէջ կը բացուի Յովսէփ Գասպարեանի հերթական ցուցահանդէսը, որուն հասոյթէն մաս մը գեղանկարիչը որոշած է յատկացնել Դպրեվանքի սաներուն. «Դպրեվանքը մեր հոգեւոր մշակոյթի  կեդրոններէն մէկն է: Առհասարակ եկեղեցին մեր մշակոյթի անբաժան մասն է, դարեր շարունակ եկեղեցւոյ շնորհիւ պահուած-պահպանուած է  մեր մշակոյթը, մանաւանդ, Սփիւռքին մէջ, ուր  հայը` չունենալով պետութիւն, ապաւինած է իր եկեղեցւոյ: Այսօր ալ եկեղեցին իր դերին մէջ է, եւ արուեստագէտները չեն կրնար հեռու մնալ եկեղեցիէն»,- ցուցահանդէսէն առաջ «Ազդակ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Յովսէփ Գասպարեան:

Ներկայացուած 35 գեղանկարները վերջին երկու տարուան ստեղծագործութիւններն են.  տոհմիկ նիւթերուն քով գեղանկարիչը այս անգամ ներկայացուցած է նաեւ ծովանկարներ  ու դիմանկարներ, իսկ ահա հին թաղերու եւ տուներու նկարները միշտ ալ անբաժան են իր ցուցահանդէսներէն. «Նորաշէնի` Քէմփի վերջին կանգուն մնացած փողոցը գծեցի, պիտի փլի եւ հին տուներու մշակոյթը այլեւս յիշողութիւն կը դառնայ մեզի համար: Ընդհանրապէս, յիշողութիւնը  իմ նկարչութեանս հիմնական նիւթն է: Մենք իբրեւ ազգ, սփիւռքի մէջ մանաւանդ, յիշողութեամբ է, որ կ՛ապրինք, յիշողութիւնը, անցեալի յիշատակները մեր առօրեայի ու կեանքի հիմնական մասն են: Իմ ստեղծածս սփիւռքեան նկարչութիւն է, իսկ սփիւռքի մարդու էութեան հիմնական մասը կարօտն է: Իմ ստեղծած նիւթերս կարօտ կ՛արթնցնեն եւ ձեւով մը կը փարատեն այդ կարօտը», ըսաւ Յովսէփ Գասպարեան, նշելով, որ ինք նոյնպէս գծած ժամանակ կ՛ապրի կարօտի եւ  վերյուշ զգացումներ:

Իր գծած դիմանկարերուն մասին գծագրիչը ըսաւ, որ սովորական մարդոց դիմանկարներ են, որոնց մէջ բան մը յուզած եւ հետաքրքրած է զինք. «Երբ դիմանկար կը գծեմ, շատ կարեւոր է, որ մարդուն հետ մտերմանանամ, աւելի լաւ ճանչնամ զինք ու իր ներշաշխարհը, քանի որ դիմանկարը  գծանկարիչին համար միայն արտաքին  պատկեր չէ, այլ` ներքին», նշեց ան:

Աշխատանքները վերջացնելէն ետք, ինչպէս ըսաւ Յովսէփ Գասպարեան,   առաջին գնահատողները կ՛ըլլան ընտանիքին անդամները, որոնք գնահատելէն զատ երբեմն նաեւ նկատողութիւններ կ՛ունենան, եւ ինք սիրով կ՛ընդունէ զանոնք: Ինչպէս մեր զրոյցի ընթացքին ըսաւ Յ. Գասպարեան, Լիբանանի մէջ արուեստի միջավայրի  մեծ պակաս կայ, մանաւանդ հայ նկարիչները կ՛ապրին մեկուսացուած կեանք մը,  այդ միջավայրի պակասը ուրիշ շատ պակասներ կը ծնի, ինչ որ  ամբողջական չի դարձներ Սփիւռքի մէջ հայ նկարչի կեանքը. «Երբ ես կ՛ըսեմ սփիւռքեան նկարչութիւն է իմ ստեղծածս, պատահականօրէն չեմ ըսեր, ատոր մէջ տեղ մը նաեւ ոչ ամբողջականութեան, կիսատութեան իմաստ կայ: Ես հայրենիքի մէջ չեմ ապրիր, հայրենիքէն դուրս եմ, Պուրճ Համուտ մը ունինք հոս, ուր հայկական շունչ կայ, ատկէ դուրս հայ մարդը կը բախի այլ հարցերու, այլ խնդրիրներու, որոնք միշտ կ՛ուղեկցին իրեն: Իմ դրացիներս, որ տեղացի են, այո, կու գան, կը տեսնեն իմ գծածներս, կը գնահատեն, բայց երբեք ինծի պէս չեն զգար, չեն կրնար զգալ…», միջավայրի պակասի մասին իր մտահոգութիւնն այսպէս արտայայտեց մեր զրուցակիցը:

Ցուցահանդէսները ան նկատեց Սփիւռքի մէջ գեղանկարիչներու դրսեւորման լաւագոյն առիթը եւ նշեց, որ հակառակ անոր որ ինք աւանդական նիւթեր կը ներկայացնէ, այնուամենայիւ, իր ցուցահանդէսներուն միշտ ալ նոր սերունդը ներկայ կ՛ըլլայ:

Ցուցահանդէսը «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ կը շարունակուի մինչեւ 10 ապրիլ:

Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նախորդը

«Փառքի Վաշխառուները»` Նոր Օրերու Համաթեքստին Մէջ

Յաջորդը

Քայզըրսլաութըրն Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Յարադիր Էակներու Կայարանը

November 3, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։