Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հրաւէրով աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի երկկողմանի հանդիպում Պլինքընի հետ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ տեղի պիտի ունենայ «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին երկկողմանի համաձայնագիրի» նախագիծին շուրջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններու յաջորդ փուլը:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր 26 յունիսէն պիտի սկսի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին համաձայնագիրին շուրջ քննարկումներու հերթական փուլը:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մայիսի սկիզբը Ուաշինկթընի մէջ քանի մը օր բանակցած էին հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հարցին շուրջ:
«Թրենտ» հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ երէկ յայտարարած է. «Հաւանականութիւն կայ, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու` վաղը Ուաշինկթընի մէջ մեկնարկող բանակցութիւնները կը տեւեն քանի մը օր»:


