2020 թուականի պատերազմէն ետք ազրպէյճանական բանակը սահմանին վրայ վեց մեծ գործողութիւն կատարած է: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:
«2020 թուականի պատերազմէն ետք ազրպէյճանական բանակը պայմանական պետական սահմանին վրայ կատարած է շուրջ վեց մեծ գործողութիւններ, որոնց հետեւանքով հայկական բանակը մեծ կորուստներ կրած է թէ՛ մարդուժի, թէ՛ ալ սպառազինութեան առումով: Միեւնոյն ժամանակ Ազրպէյճան գրաւած է ռազմավարական բարձունքներ:
«Ներկայիս, ունենալով նման ռազմավարական առաւելութիւն, մենք այնտեղ ստեղծած ենք շատ հզօր կրակային համակարգ: Անիկա կը ներառէ բուն Հայաստանի մէջ մատակարարման բոլոր ռազմավարական ուղիներու եւ զօրքերու տեղաշարժերու վրայ ազդելու կարելիութիւն: Մենք ստեղծած ենք նաեւ հզօր ճարտարագիտական կառոյցներ, որոնք մեզի կարելիութիւն կու տան մարտական առաւելութիւն ունենալ», ըսած է Հասանով:


