Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի 19 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ Բ. խմբակին մէջ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:
Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 74-58 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Սլովենիայէն, այս անգամ պարտուեցաւ Մատակասքարէն, 83-66 արդիւնքով:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարիմ Ռըթէյլ (19), մինչ մրցակից կազմէն Մաթիաս Մըմատի նշանակեց 34 կէտ:
Այսօր` երեքշաբթի, ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Լիբանան կը մրցի Միացեալ Նահանգներու դէմ:


