Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան կազմերէն Չարենցաւանի Վանի յետսապահ Արթուր Քարտաշեան իր կազմը լքելով միացաւ Տաճիկիստանի ախոյեան Իսթիքլոլի:
26 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ 26 յունուարին, Նիկոսիայէն (Կիպրոս) միացած էր չարենցաւանեան ակումբին:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, ան մաս կազմած է նաեւ Նոա Երեւանի, Փիւնիկի եւ Սեւանի:


