Չորեքշաբթի, 14 մարտի կէսօրին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութեան հրաւէրով քոլեճ այցելեցին եւ աշակերտութեան հետ հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի խումբ մը սաներ` գլխաւորութեամբ դպրեվանքի տեսչութեան անդամ Վարանդ վրդ. Քոթմոսեանի:
Հիւրերը ողջունելով` քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ Մեծ պահքի կիսուն, Միջինքի առիթով, ուրախութիւն է հիւրընկալել դպրեվանքի սաները` եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութեան պատրաստուող վաղուան մեր առաջնորդները, որոնց օրինակը վարակիչ պէտք է ըլլայ նորահաս սերունդին համար:
Շարունակելով` տնօրէնը ընդգծեց կրօնական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ըսաւ, որ կրօնականը անբաժանելի մէկ մասն է ազգային դաստիարակութեան, որուն շունչով կը մեծնան ազգային վարժարաններու յարկին տակ հասակ նետող տղաքն ու աղջիկները:
Տնօրէնութեան խօսքէն ետք, դպրեվանեցիներ երգեցին արեւագալի ժամերգութենէն բաժիններ, ապա Մեծ պահքի եւ Զատկուան մասին հոգեւոր խորհրդածութիւն մը ներկայացուց Յարութիւն սրկ. Շխրտըմեան: Կարօ Նաճարեան արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը», որմէ ետք հնչեցին ազգային-հայրենասիրական չորս երգեր` «Եկեղեցին հայկական», «Հայորդիք», «Հիմի՞ էլ» եւ «Լուսին չկար»:
Խօսքերէն եւ երգերէն ետք, աշակերտներ դիտեցին դպրեվանքին առաքելութիւնը եւ առօրեան ծանօթացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» երգով:


