Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Աստուծոյ Հարազատ Պատկերը Չկերպարանափոխելու Եւ LGBT Համայնք Չունենալու Համար…

June 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Մարդկային իրաւունքները հոմանիշ չեն կրնար ըլլալ ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտային խանգարումներ եւ նոյնիսկ հիւանդութիւններ ունեցող անհատներու բուժման իրաւունքներուն:

Արարիչը մարդը ստեղծեց իգական եւ արական սեռերով` իւրաքանչիւրին տալով իւրայատկութիւններ եւ յատկանիշներ: Բնութեան օրէնքը խախտելը բնութեան դէմ կանգնիլ է: Եւրոպայէն եկած LGBT-ի (LGBTQIA+), այսպէս կոչուած, իրաւապաշտպանները բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնեն Միջին Արեւելքը նմանցնելու Եւրոպային: Հայաստանի մէջ փորձը դժբախտաբար մեծ յաջողութիւն արձանագրեց, որովհետեւ իշխանութեան հասաւ LGBT-ի պատկերին համապատասխանող «ղեկավարութիւն»:

Լիբանանն ալ հեռու չէ հոսանքէն: Ո՞ր դպրոցին կամ միջավայրին մէջ չենք լսեր սեռերու մասին քննարկումներ, տեսերիզներ, յարաբերութիւններ… Երբ փոքր էինք, երկու սեռ կար, երբ պատանի դարձանք, թիւը 4-5-ի բարձրացաւ, իսկ հիմա 7-15 սեռերու տեսակներու մասին կը խօսին:

Եւրոպական կառոյցներու անծայրածիր գումարներու կողքին եւ աղքատ պետութիւններու յատկացումներուն դիմաց LGBT-ին տարածումը «պարտաւորեցնող» պայմաններուն դէմ յանդիման, ընկերային ցանցերն ալ ունեցան առաւել եւս ազդեցիկ ու արագ ժխտական ազդեցութիւնը, երբ «Թիք-Թոք»-ը վերածուեցաւ անծայրածիր դաշտի մը, ուր մեծ թէ փոքր ամէն ինչ կը տեսնեն, կը դիտեն`  առանց որեւէ արգելքի:

Պահանջուածը ընկերութիւնը փճացնելն է, բարոյազրկելն է, ամբոխի վերածելն է, ազգայինը քանդելն է… Այս առնչութեամբ մեր կրթական պատասխանատուները յաջորդ տարեշրջաններուն պէտք է ճիշդ, ուսումնասիրուած եւ հոգեւոր-ազգային արժէքներով առաջնորդուած դիմեն քայլերու` կասեցնելու կամ նուազագոյնը ուշացնելու այս ախտագին երեւոյթներուն տարածումը… Մեր կառոյցները պէտք է քննարկեն նիւթը, ծանօթացնեն ծալքերը եւ հետեւանքները: Նիւթը չարծարծելով եւ վանողական մօտեցումով շա՜տ քիչերը «հեռացած» կ՛ըլլան իրականութենէն, բայց մեծամասնութիւնը եւ ի մասնաւորի պատանիներն ու երիտասարդները արդէն հո՛ն են, երբեք հեռու չեն…

Հետեւանքները` սեռական յարաբերութիւններու ազատութիւն, նոյնասեռ ամուսնութեան իրաւունք, միասեռականներու երեխայ «ունենալու» կամ որդեգրելու իրաւունք, կենսաբանական սեռը փոխելու համատարած իրաւունք, եւ տակաւին, LGBT-ի համայնքի ստեղծում, համայնքին մէջ ազգային գաղափարախօսութեան բացակայութիւն, համատարած հայրենիքի մօտեցում, ժողովուրդներու միաւորում, լեզուի նոյնացում, եւ շարքը կարելի է երկարել…

Այո՛, միշտ ալ ունեցած ենք նմուշներ, բայց այսօր պահանջուածը բնականոն յարաբերութիւնը նմուշի վերածելն է… Դպրոցներու կողքին, մեր գրաւոր թէ թուայնացած մամուլը, ռատիոն, եկեղեցիները բարձրաձայն պէտք է խօսին, գրեն, քննեն ու բացատրեն զեկուցումներով, հարցազրոյցներով, տեսերիզներով… Իսկ LGBT-ի կազմակերպութիւններուն մուտքը հաստատ պէտք է արգիլուի, եւ դրամի դիմաց պէտք չէ որեւէ զիջում արձանագրել, որովհետեւ նշեալ կառոյցներու աւերներուն մէջ սեռայինը ամէնէն չնչին բաժինն է, որ միջոց է` հիմնական նպատակներու իրականացման, քաղաքական ծրագիրներու իրագործման:

Անասունները մեզմէ լա՞ւ են, որ բնութեան օրէնքը չեն խախտեր, կամ ալ, կ՛երեւի, կապիկներուն բարոյական արժէքները փոփոխական չեն: Մէկ զիջումը այլ զիջումի կ՛առաջնորդէ… Մեր ընկերութիւնն ու ընտանիքները չքանդենք:

Վերջապէս, Աստուծոյ ստեղծած հարազատ պատկերը իրաւունք չունինք կերպարանափոխելու: Մտածե՛նք:

 

 

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութիւնը Անյետաձգելի Է- Բ. Ճամբու Քարտէսներու Աճուրդ

Յաջորդը

ԼԵՄ-ի Հիմնադրութեան 50-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ «Յարգա՜նք Ձեզ Խոնարհ Հերոսներ» Խորագիրով

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.